Չորեքշաբթի, 26 Յունիս 2024-ի գիշերուան ժամը 11:40-ին, Իսրայէլ օդային յարձակում մը գործեց Կոլանէն սուրիական հարաւային շրջանի կարգ մը կէտերու վրայ:
Յարձակումին հետեւանքով երկու նահատակ արձանագրուեցաւ, զինուոր մը վիրաւորուեցաւ եւ շրջանը նիւթական վնասներ կրեց:
Սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրին հրթիռներուն եւ վար առին անոնց մեծամասնութիւնը: