Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Հալէպի Մասնաճիւղի Սկաուտ Խորհուրդին, ներկայութեամբ Հոգեշնորհ Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեանի, ՀՄԸՄ-ի հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տ. Մաշտոց Ա. Քահանայ Արապաթլեանի, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Աւետիս Տէրվիշեանի, ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան եւ Սկաուտ Խորհուրդին ու խմբապետութեան, Հալէպի Մասնաճիւղի Վարչութեան եւ համակիրներու հոծ բազմութեան, Կիրակի, 23 Յունիս 2024-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Գ. Եսայեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Մոկլիի Օրուան նուիրուած հանդիսութիւն եւ Գայլիկական կարգերու վկայականանց բաշխում։

Հանդիսութիւնը սկսաւ Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու քայլերգներով։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հրակ Փայասեան, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ ՀՄԸՄ-ի առաքելութեան եւ նպատակին, շեշտելով որ այսօրուան հանդիսութիւնը կը զուգադիպի Մանուկներու պաշտպանութեան միջազգային օրուան, ուր ՀՄԸՄ-ի աշխարհասփիւռ շրջաններն ու մասնաճիւղերը կը յիշատակեն Մոկլիի օրը զուգահեռ Մանուկներու պաշտպանութեան միջազգային օրուան։

Հանդիսութեան ընթացքին Գայլ Արծուիկ եւ Մոկլի միաւորներու կարգ մը վոհմակ երամներ երգչախումբ կազմած ներկայացուցին փունջ մը ազգային եւ մանկական երգեր, ապա ներկայացուեցաւ գաւազանով մարզանք, հայկական եւ մանկական պարեր եւ բուրք, ինչպէս նաեւ կիրակնօրեայ գործունէութիւններուն իրագործուած յայտագրերը ներկայացնող տեսերիզի ցուցադրութիւն։

Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ ՀՄԸՄ-ի Հալէպի Մասնաճիւղի խմբապետ Յովիկ Հապէշեան՝ հովանաւորելու վկայականանց բաշխումը, որ իր կարգին հրաւիրեց Հոգեշնորհ Հայր Արմէն Աբղ. Գալաճեանը՝ մասնակցելու վկայականաց բաշխման։ Այսպէս հերթականութեամբ տեղի ունեցաւ Կակուղ Թաթիկի, Միաստղի եւ Երկաստղի կարգերու վկայականաց բաշխում եւ համապատասխան պեճերու տուչութիւն, ձեռամբ Հոգեշնորհ Հայր Սուրբին։

Աւարտին մասնաճիւղի խմբապետը եզրափակիչ իր խօսքը ուղղելով շնորհաւորեց վկայական ստացող քոյրերն ու եղբայրները, շեշտելով որ վկայական ստացող քոյրերն ու եղբայրները ՀՄԸՄ-ական չեն միայն, այլեւ ապագայ հայ սերունդն են, դաստիարակներն ու ղեկավարներն են։ ԱՆ կոչ ուղղեց աշխատելու աւելի լաւ ներկայի եւ ապագայի համար, յաղթահարելու բազմաբնոյթ մարտահրաւէրները։

Ապա Հոգեշնորհ Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան իր սրտի խօսքը ուղղեց եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Արք. Աշգարեանի շնորհաւորանքն ու օրհնութիւնը փոխանցեց։

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Պահպանիչ» աղօթքով եւ «Գայլիկ Եմ ՀՄԸՄ-ի» քայլերգով։