Չորեքշաբթի, 26 Յունիս 2024-ին կեսօրին
ժամը 2:00-ին Քեսապի Ս. Աստուածածին
եկեղեցի ժամանեց, Թեմիս Բարեջան
Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք.
Աշգարեան եւ Ազգային վարչութեան
անդամ Տիար Արմէն Գասպարեանը։
Սրբազան Հօր եւ անոր հետ ընկերակցող
պատուիրակութեան դիմաւորեցին,
Քեսապի Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ
Հոգեւոր Տեսուչ ,
Հոգշ. Տ. Եսայի Վրդ. Էօրտէքեան
Թաղականութեան անդամները եւ
Գաւառական ժողովի անդամ Տիար. Նշան
Լնդեան։
Այցելութեան ընթացքին Սրբազան Հայրը
մօտէն հետեւեցաւ եկեղեցւոյս
շինարարական աշխատանքներուն, որ
արագ կերպով կ’ընթանայ եւ բարձրօրէն
գնահատեց եւ յաջողութիւն մաղթեց։
Յ.Գ
Յիշեցնենք որ Սրբազան հայրը
ժամանած է Քեսապ վկայելու, Ազգային
Ուսումնասիրած Ճեմարանի
9-րդ եւ 12-րդ դասարանի աշակերտ
աշակերտուհիները։