Միայն ռազմավարական արժէք չունի սկզբունքային այս յանձնառութիւնը: Ոմանք կ’ըսեն հրաշալի խոստումներու ժամանակ է: Այսօր քաջ պէտք է յայտարարենք` թէ ժողովուրդը կուշտ է սուտէն ու անիրականանալի, թէկուզ գեղեցիկ, լոզունգներէն:
Ճշմարտութիւն, միա՛յն ճշմարտութիւն: Խօսք, որ պիտի դառնայ գործ եւ ո՛չ զանգակ: Սէր, որ պիտի միաւորէ անիրաւուածներն ու խաբուածները: Պիտի դառնայ զայրոյթ սպանողի եւ դաւաճանի հանդէպ: Մենք նահանջելու տեղ
չունինք:
Առանց ետ նայելու տեսնենք, որ նահանջի ճամբայ չկայ:
Ազգովին` օ՛ն, առա՛ջ:
Ամբողջ ժողովուրդի ճակատագիրը եւ բախտը դրուած է հարցականի տակ:
Ամէնէն խաղաղ պայմաններու մէջ ընթացող ճակատամարտերուն մէջ անգամ դաշտը լքողներու պիտի հանդիպինք, բայց այսօրը ուրիշ է քեզի, ինծի ու անոր համար.  բոլորս պիտի գիտակցինք, որ պայքարը եսի պայքար չէ, ազգովին մեր լինելութեան հիմնահարցն է:
Երբ միացանք՝ Արցախին վերատիրացանք, երբ բեւեռացանք՝ խեղճ ու անճառ դարձանք:
Մեր նորագոյն պատմութիւնը կը վկայէ ու մենք վայելած ենք անոր արգասիքը, երբ որպէս ազգ առաջնորդուեցանք, յաղթանակեցինք. փաստը Մայիսի 28-ն է:
Եկէ՛ք միասնաբար նախ մեզի ու ապա ամբողջ աշխարհին մեր նոր յաղթանակի փաստը տանք:
Հայ ժողովուրդի կարգախօսը մէկ պէտք է ըլլայ՝ միացում ու պայքար:
Մասնատուելով հասած ենք մեր վերջին հողակտորին, որուն վրայ աչքեր շատ կան:
Ոտքի՛, հա՛յ ժողովուրդ:
Հետեւաբար թէ՛ սկզբունքային, եւ թէ գործնական քաղաքական նկատառումներով, պէտք է բացայայտենք որոշ ճշմարտութիւններ։ Այսպէս`
Ներքաղաքական կեանքի մէջ բանակի միջամտութիւնը կը նշանակէ, թէ կա՛մ բանակը ինք յեղաշրջում կը կատարէ, կա՛մ իշխանութիւններու հրամանով դուրս եկած է ժողովուրդն ու քաղաքական ընդդիմութիւնը ճնշելու հեռանկարով:
Իսկ բանակը մնալով իր իսկական առաքելութեան մէջ, պէտք է վերոյիշեալ երկու պարագաները բացառէ:
Այսօր արդէն հզօր բանակ ունենալու համար միայն բանակով զբաղիլը հարց չի լուծեր:
Բանակը պետութեան ու հասարակութեան շարունակութիւնն է, եւ բանակի հզօրացումը արդէն իր լուծումը կ’ունենայ միայն ու միայն ընդհանուր պետական կառոյցի բարեփոխութեամբ:
Ի տես այս բոլորին, մտահան պէտք չէ ընել մշակոյթը։
Մշակոյթը ժողովուրդի ներկայութիւնն է ժամանակին մէջ, մեր ինքնութեան վկայագիրը, մեր հիմնական հարստութիւնը:
Հասկնալով, որ այսօր պատերազմ է, շրջափակում, միջոցներ գրեթէ չկան, բնաւ չի նշանակեր, թէ իրաւունք ունինք մնացորդային վերաբերմունք ցուցաբերել մեր ժողովուրդի ինքնարտայայտման ամենազօր միջոցին` մշակոյթին նկատմամբ:
Պայքարը պէտք է պահել իր ճշմարիտ հունին մէջ:
Պետականութեան բնոյթի, պետութեան հանդէպ իշխանութեան վերաբերմունքի արմատական փոփոխութիւն, ժողովուրդին ապագայի վստահութեան ներարկում եւ տեւական լարուած աշխատանք` յանուն օրէնքի իշխանութեան հաստատման:
Այս իրողութիւնը կը նշենք, որպէսզի ընդգծենք, որ միաւորուած ընդդիմութիւնը հարկադրուած է այսօր գործելու շատ աւելի սեղմ ժամանակի մէջ, հետեւաբար պահանջուած է ուժերու գերլարում եւ գործունէութեան յստակ ծրագրաւորում:
Աշխատանքի ճշգրիտ բաժանման խնդիր՝ իւրաքանչիւր քաղաքական կազմակերպութեան կարողականութեան առաւել արդիւնաւէտ օգտագործմամբ:
Անձնական եւ խմբային յաւակնութիւնները այլեւս մէկ կողմ պէտք է նետուին:
Այս բոլորը կարելի է գործունէութեան քաղաքական հասունութիւն, արհեստավարժութիւն ու նպատակամղուածութիւն հաղորդելով:
Շատ աւելի մեծ ուշադրութիւն պէտք է դարձնել Սփիւռքի հոգեմտաւոր ներուժի օգտագործումին:
Արուեստական բախում ստեղծելով ազգայինի եւ ապազգայինի, կարելի չէ ազգապահպանութիւն եւ պատկանելիութեան հպարտութիւն ներշնչել:
Հաւանաբար ոմանք մտածեն, թէ որպէսզի անարդար  գտնուած չըլլանք Հայաստանի վարչապետին նկատմամբ, պէտք չէ այս աստիճան ծանրանալ «հայոց պետականութեան կայացման» եւ «Հայաստանի բարգաւաճման եւ հզօրացման» մարզերէն ներս այս իշխանութեան արձանագրած ձախողութեանց վրայ:
Նոյնիսկ այդ պարագային արդարացում կարելի չէ գտնել Հայաստանի վարչապետին պառակտիչ գործելաոճին, թող պրն. վարչապետը առաջնորդուի Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի իր երդումով եւ տէր կանգնի այդ պաշտօնին պահանջած ազգային պատասխանատուութեան:
Մտահոգութիւն պատճառող բուն ցաւը հոս է: Հայաստանի վարչապետը իր ընդդիմադիրները կը մեղադրէ անոր համար, որ իբր թէ պատերազմ «կը հրահրեն» Ատրպէյճանի հետ, մինչդեռ խաղաղութեան փուլը սկսած է եղեր ու պրն. Փաշինեան եւ իր ընկերք ամէն պարագայի վճռած են եղեր քալել դէպի խաղաղութիւն:
Ո՞վ կրնայ դէմ կենալ խաղաղութեան: Յետո՛յ մանաւանդ վարչապետը պէտք է ամչնայ խօսելու խաղաղութեան մասին, որովհետեւ առաւելաբար իր եւ իւրայիններու արկածախնդրական մօտեցումներուն հետեւանքով «վայելեցինք» 44-օրեայ պատերազմի տխուր արդիւնքը, որուն լոյսին տակ միայն հող չէ որ կորսնցուցինք, այլեւ՝ արժանապատուութիւն:
Վարչապետին երկրորդ ձախող «ձերքբերում»-ը` Թուրքիոյ հետ առանց նախապայմանի բանակցութեան գործընթացն է` ուր միակ կողմը որ կրնայ պայման ունենալ հայկական կողմն է, հետեւաբար առանց նախապայմանի հաստատումը ինքնին պայմանաւորուածութիւն է:
Խաղալ բարի դրացիութիւն ու պահել ազգային պատկանելիութիւն, որմէ այս իշխանութիւնը շատ ու շատ հեռու է:
Այսօրուան իշխանութիւններու որդեգրած ուղին խորքին մէջ կը միտի հարուածել բոլոր այն արժէքները, որոնք ազգ կը բուրեն եւ ազգային պատմութիւնը խեղաթիւրել ու պարպել իր էութենէն, եկեղեցին արժեզրկել որպէս լիիրաւ ազգային ու մշակութային հարստութիւն:
Դեռ չենք խօսիր Հայաստանի վարչապետին անմիջական շրջանակին կողմէ հետեւողականօրէն լսելի դարձող այն իմաստութեանց մասին, որոնք կը վերաբերին Հանրապետութեան օրհներգին ու պետական զինանշանին:
Ի վերջոյ իրենք ընտրած են պատեհապաշտութեան ուղին եւ հետեւաբար, աւելորդ ու նոյնիսկ վտանգաւոր է սկզբունքային հիմնաւորում տալ հոսանքին հետ յարմարելու այդ մտածողութեան:
Պարգեւ Աւագեան