ՄԱՐՄՆԻ ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀՊԱՆՈՒՄԸ

Հաւասարակշռութիւնը մարմինին ծանրութիւնը հաւասարապէս բաշխելու կարողութիւնն է, այնպէս մը որ կարելի ըլլայ կենալ կամ շարժիլ, կամ պատահաբար իյնալու պարագային վերստին ոտքի կանգնիլ՝ առանց կրկին իյնալու: Լաւ հաւասարակշռութիւն պահպանելը կը պահանջէ առողջ ու համակարգուած գործունէութիւն մարմինի քանի մը մասերուն՝ ջղային կեդրոնական համակարգի, ներքին ականջի, աչքերու, մկաններու, ոսկորներու եւ յօդերու: Նշեալներէն որեւէ մէկուն մէջ յառաջացող հարցը կրնայ անմիջական ազդեցութիւն ունենալ մարմինի հաւասարակշռութեան պահպանման վրայ:

Առողջապահական կարգ մը հարցեր եւս կ’ազդեն հաւասարակշռութեան վրայ, ինչպէս՝ ուղեղային կաթուածը, ջղային կեդրոնական համակարգի խանգարումը, մարմնի, յատկապէս մէջքի եւ ազդրերու մկաններու թուլութիւնը, ներքին ականջի բորբոքումը։ Որոշ դեղեր ալ ունին ազդեցութեան իրենց բաժինը, ինչպէս ընկճախտի բուժման դեղերը, կարգ մը ցաւազրկիչներ,  քնաբեր կամ սրտի ու արեան ճնշումի դեղերու որոշ տեսակներ եւ այլն։
Անհրաժեշտ է աւելցնել, որ ոգելից ըմպելիներու մեծաքանակ օգտագործումը եւս բացասաբար կ’ազդէ մարմնի հաւասարակշռութեան պահպանման վրայ։
Հաւասարակշռութեան պահպանումը ինքնաբերաբար տեղի կ’ունենայ, երբ մարմինը առողջ ու յատկապէս երիտասարդ է: Թէեւ հաւասարակշռութիւն պահպանելը բարդ գործընթաց է, բայց դուք դիւրաւ կը պահպանէք զայն երբ շիտակ կը կանգնիք, նրբագեղօրէն կը շարժիք, մարզանքի կը հետեւիք ու կը յաջողիք տարբեր մարզաձեւեր դիւրաւ կատարել։ Այս բոլորին կը նպաստեն ձեր ուղեղն ու ողնուղեղը, ներքին ականջը, աչքերը, ծայրամասային ջիղերը, մկաններն ու ոսկորները։
Հաւասարակշռութեան խախտումը  յաճախ ի յայտ կը սկսի գալ մարդու յառաջացած տարիքին: Խախտումը կրնայ այնպիսի մակարդակի հասնիլ, որ դուք կը զգուշանաք որոշ շարժումներէ՝ միշտ իյնալու վախը ի մտի ունենալով։
Ե՞րբ կը սկսի հաւասարակշռութեան խախտումը
Հաւասարակշռութեան կորուստը կապուած կրնայ ըլլալ մարմինի տարբեր օրկաններու եւ համակարգերու փոփոխութեան հետ (ժամանակաւոր կամ երկարաժամկէտ):
Հաւասարակշռութեան հարցերու մէջ ներգրաւուած հիմնական տարածքը ներքին ականջն է: Երբ ներքին ականջը բորբոքած է կամ անոր ջղային բջիջները վնասուած են, գլխապտոյտ կը զգաք։
Տեսողութիւնը հաւասարակշռութեան հետ կապուած մէկ այլ կարեւոր գործառոյթ է, քանի որ մեզի անհրաժեշտ է մեր շրջապատի յստակ զգացողութիւնը, պատկերացումը՝ ոտքի մնալու համար: Տեսողութեան հարցերը, հեռաւորութիւնները եւ տարածքի խորութիւնը գնահատելու անկարողութիւնը կրնան յանգեցնել հաւասարակշռութեան խախտումին:
Վարժութիւններ, որոնք կ’օգնեն բարելաւելու հաւասարակշռութիւնը
Հաւասարակշռութեան խախտման պարագային, անհատը պէտք է դիմէ բժիշկի։ Վերջինս կամ որոշ դեղեր կը յանձնարարէ, կամ ալ մարզանքի որոշ տեսակներով կը յաջողի վերականգնել մարդուն հաւասարակշռութիւնը։
Ուստի նման հարցեր ունենալու պարագային անհրաժեշտ է դիմել բժիշկի եւ հարցին ճշգրիտ ախտաճանաչումը կատարել, որպէսզի կարելի ըլլայ դարմանել զայն։
Հաւասարակշռութեան վարժութիւնները եւս կը բարելաւեն յատկապէս տարեցներու ճկունութիւնը, ուժը եւ շարժունակութիւնը՝ միաժամանակ քննութեան համարժէք քայլ կրնան ըլլալ ներքին ականջի կամ ջղային համակարգի առողջութեան ստուգման համար:
Ձեր բժիշկին հետ առողջապահական հարցերու դարմանումը ճշդելուն կողքին, անպայման հետեւեցէ՛ք մարզանքի։
Մարզանքը սկսէ՛ք նախ մարմինը տաքցնելով, ապա չափական մարզաձեւեր ընելով օրական դրութեամբ։
Հաւասարակշռութեան պահպանման ամէնէն լաւ վարժութիւնը օրական կէս ժամ քալելն է։
Եթէ դուք ձեր մարմինի ամբողջ մասերը շարժումի մէջ պահէք ու մարզէք, մեծապէս պիտի նպաստէք ձեր մարմինի հաւասարակշռութեան պահպանման կամ վերականգնումին, որ տարիքի ալ հասած ըլլաք։