Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ հանդիպում մը ունեցաւ Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ նախագահի անձնական բանագնաց Ալեքսանտր Լաւրենթեւի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Ասատ շեշտեց, որ Սուրիա կ’ողջունէ Սուրիա-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման բոլոր նախաձեռնութիւնները, որոնք կը յարգեն Սուրիոյ գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը, ինչպէս նաեւ կը շեշտեն ահաբեկչութեան դէմ պատերազմելու գաղափարը, աւելցնելով, որ սոյն նախաձեռնութիւնները կ’արտայայտեն պատկան պետութիւններու Սուրիոյ եւ ողջ տարածաշրջանի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու փափաքը:
Նախագահ Ասատ յայտնեց, որ Սուրիա միշտ դրական մօտեցում ունեցած է նման նախաձեռնութիւններու հանդէպ, շեշտելով, որ նախաձեռնութեան մը յաջողութիւնը կը մեկնի պետութիւններու գերիշխանութիւնը յարգելու սկզբունքէն:
Միւս կողմէ, նախագահ Ասատ բարձր գնահատեց նախագահ Վլատիմիր Փութինի յառաջ մղած խաղաղութեան նախաձեռնութիւնը Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ, յայտնելով, որ այդ մէկը իսկական ենթահող պիտի ըլլայ երկու երկիրներու խաղաղութեան:
Իր կարգին, Լաւրենթեւ շեշտեց Ռուսիոյ աջակցութիւնը սուրիական-թրքական յարաբերութեան կարգաւորման վերաբերող նախաձեռնութիւններուն, յայտնելով, որ ներկայ պայմանները աւելի բարենպաստ կը թուին քան անցեալէն, աւելցնելով, որ Ռուսիա պատրաստակամութիւն կը յայտնէ այս հարցին վերաբերող բոլոր բանակցութիւնները յաջողցնելու, որպէսզի իրողապէս կարելի ըլլայ սուրիական-թրքական յարաբերութեան կարգաւորումը: