24-26 Յունիս 2024-ին, Սուրիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու հայ ազգի միասնական թեկնածու Մարիա Գաբրիէլեան, ընկերակցութեամբ ընտրական կեդրոնական մարմինի անդամներուն, հանդիպումներ ունեցաւ հալէպահայ կազմակերպութիւններու գերագոյն մարմիններուն հետ:
Հարազատ ու թափանցիկ մթնոլորտի մէջ քննարկուեցան համայնքը հետաքրքրող տարբեր հարցեր եւ երկրի իրավիճակին առնչուած խնդիրներ։
Հալէպահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները իրենց աջակցութիւնը յայտնեցին Սուրիոյ խորհրդարանի օրէնսդրական 4-րդ շրջանի ընտրութիւններուն ազգի միասնական թեկնածուին:
Բոլոր հանդիպումներուն ալ շեշտադրուեցան միասնականութեան սկզբունքի կիրառման անհրաժեշտութիւնն ու համագործակցութեան կարեւորութիւնը՝ յանուն բոլորին համար առաջնային ազգային շահերու ու նպատակներու հետապնդման ու անոնց իրականացման ջանքերու սատարման: