Սուրիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու հայ ազգի միասնական թեկնածու Մարիա Գաբրիէլեան, ընկերակցութեամբ ընտրական կեդրոնական մարմինի անդամներուն, հանդիպում ունեցաւ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի Շրջանային Վարչութեան հետ:
Հանդիպումին մասնակցեցաւ ՀՕՄ-ի Կեդր.Վարչութեան անդամ Սիրան Ամպարճեան:
Յաչս միութեան, Շրջանային Վարչութիւնը իր զօրակցութիւնը յայտնեց Սուրիոյ խորհրդարանի օրէնսդրական 4-րդ շրջանի ընտրութիւններուն ազգի միասնական թեկնածուին եւ ընտրական կազմակերպչական աշխատանքներուն նպաստելու իր ամբողջական պատրաստակամութիւնը յայտնեց:
Առ այդ, ընտրական աշխատանքներու կազմակերպչական մանրամասնութիւնները քննարկուեցան եւ ընտրարշաւը լաւագոյնս կազմակերպելու համար որոշուեցաւ յառաջիկայ օրերուն միութեան անդամներուն յատուկ հանդիպում կազմակերպել:
Ողջունելի էր խաչուհիներուն ցուցաբերած բծախնդրութիւնը եւ անվերապահ գործակցութեան մօտեցումը: