Այս տարի Քեսապի Ազգային Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարանը կը յիշատակէ իր հիմնադրութեան 100-ամեակը։ Այս առիթով յառաջացած է յանձնախումբ մը, որ ամբողջ տարուան ընթացքին զանազան ձեռնարկներ կազմակերպել ծրագրած է։

Յանձնախումբը գաղափարը յղացաւ յարգանքի տուրք մատուցելու Ճեմարանի ննջեցեալ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն յիշատակին։

Արդարեւ, հովանաւորութեամբ Ազգային Ուսումնասիրաց Միացեալ ճեմարանի Հոգաբարձութեան, կազմակերպութեամբ Ճեմարանի 100-ամեակի յանձնախումբին, Կիրակի, 2 Յունիս 2024֊ին, Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն Ազգային Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարանէն ներս ծառայած ննջեցեալ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն։

Արարողութեան ներկայ էին ճեմարանի հոգաբարձութիւնը, տնօրէնութիւնը, ուսուցչուհիներ, աշակերտներ եւ քեսապահայ հարազատներ։

Հոգեհանգստեան պաշտօնէն ետք տեղի ունեցաւ հոգեսուրճի հիւրասիրութիւն «Սահակեան» սրահէն ներս։

100-ամեակի յանձնախումբին անունով խօսք առաւ Դալար Թութիկեան, որ անդրադարձաւ հայ ուսուցիչին դերակատարութեան սերունդներու դաստիարակման մէջ ըսելով. «Իւրաքանչիւր անձի պատմութեան մէջ, անոր կազմաւորման, ուսուցման, դաստիարակման ու զարգացման մէջ մեծ դեր ունին դպրոցն ու ուսուցիչը։ Ազգային Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարանի 100-ամեայ պատմութեան մէջ հայ ուսուցիչը իր դերն ու պարտականութիւնը կատարած է անսակարկ նուիրումով եւ ծառայութեամբ, գիտակցելով, որ հայը կանգուն պահողը` հայ դպրոցը, գիր ու գրականութիւնը, հարուստ մշակոյթն ու հաւատքն են»։

Ապա իր խօսքը եզրափակելով ըսաւ. «Մեր պարտքն է յիշել Ճեմարանի ննջեցեալ ուսուցիչները, երախտապարտ ըլլալ անոնց վաստակին, ծառայութեան եւ սերունդներ դաստիարակելու սրբազան գործին։ Խունկ եւ մոմ իրենց օրհնեալ շիրիմներուն»։

Հայր Եսայի վարդապետ Էօրտէքեանի աղօթքէն ետք ներկաները ուղղուեցան Քեսապի Գերեզմանատուն, ուր տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակի զետեղում նահատակաց յուշարձանին առջեւ, ձեռամբ Ճեմարանի նախկին տնօրէն Աբրահամ Կարճիկեանի եւ ներկայ տնօրէն Վարուժան Փանոսեանի, ի յիշատակ ննջեցեալ բոլոր ուսուցիչներուն։

Դալար Թութիկեան