Տնօրինութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանին, Կիրակի, 30 Յունիս 2024-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին Հայրապետական Մաղթանքի արարողակարգ կատարուեցաւ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Գահակալ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կաթողիկոսական ընտրութեան եւ օծման 29-ամեակին առիթով:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հանդիսապետեց Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին եւ Հայրապետական Մաղթանքի արարողակարգ կատարեց։
Օրուան պատարագիչն էր՝ Արժ. Տ. Նարեկ Ա. Քհնյ. Զերենցեան:
Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամին բնաբանն էր օրուան աւետարանական հատուածը (Մտ 14.13-21), ուր կը նկարագրուի հինգ հազարին կերակրումը, կիներն ու մանուկները չհաշուած։
Սրբազան Հայրը պարզելով աւետարանական հատուածը, անոր ընդմէջէն ընդգծեց քանի մը ուսանելի դասեր.-
Ա. Չարին չարիքով չփոխադարձել, այնպէս ինչպէս Յիսուս, երբ լսեց Հերովդէսի կողմէ Յովհաննէս Մկրտիչի գլխատումը, ժամանակաւորապէս ձգեց եւ հեռացաւ ամայի վայր մը՝ Աստուծոյ հետ հաղորդակցութեան մէջ մտնելու։
Բ. Առօրեայ աշխարհիկ մտահոգութիւններուն մէջ յաճախ կը մոռնանք, թէ կարիք ունինք վերաթարմանալու եւ առանձնանալով անդորրութեան մէջ Աստուծոյ ներկայութիւնը զգալու։
Գ. Քրիստոս աստուածային իմաստութեամբ լծուած էր ժողովուրդին հոգեւոր կարիքները մատակարարելու։ Մենք, որպէս հոգեւոր եւ մարմնաւոր էակներ, որքանո՞վ աշխատանք կը տանինք մեր հոգեւոր աճման եւ զարգացման համար, որպէսզի յոյսով լեցուինք, հաւատքով զօրանանք, աղօթքի ճամբով Աստուծոյ հետ խօսինք եւ սիրով մատուցենք մեր ծառայութիւնը։ Այլ խօսքով, Քրիստոս կը գթայ ժողովուրդին եւ անոր բարիքը կը ցանկայ, բայց մենք շատ անգամ ապերախտ կը գտնուինք եւ Աստուծոյ մեր մէջ դրած հոգիին աճման մասին չենք մտածեր, այլ աշխարհիկ մտահոգութիւններով կը տարուինք։
Սրբազան Հայրը նշեց, թէ Տէրը, որպէս սիրոյ Հայր, կը գթայ ժողովուրդին եւ ամբողջ օրը կը քարոզէ ու անոր հիւանդութիւնները կը բժշկէ, ապա կը հրաւիրէ իրեն սեղանակից դառնալու եւ երկնաւոր հացը ընդունելու։ Մեր սուրբ հայրերը կը պատուիրեն մեզի, նախքան Աստուծոյ սուրբ սեղանին մօտենալը, հոգեւոր հիւանդութիւններէն բժշկուիլ եւ ճշմարիտ ապաշխարութեամբ մօտենալ Աստուծոյ։
Դ. Նախքան ճաշակելը, անհրաժեշտ է, որ աղօթենք եւ գոհութիւն տանք Աստուծոյ, այնպէս ինչպէս Յիսուս հինգ հացը եւ երկու ձուկը բարձրացուց եւ աղօթեց Հօր Աստուծոյ։
Յիսուս փորձեց աշակերտներուն հաւատքը, տեսնելու, թէ աշխարհիկ մտահոգութիւններո՞վ պիտի տարուին, թէ հոգեւոր։ Այլ խօսքով, Յիսուս բացայայտեց, թէ երբ յօժարակամ, սիրով եւ հաւատքով ամենաջնջին ունեցածդ կու տաս Տիրոջ, Անոր օրհնութեամբ կը բազմապատկուի, որպէսզի զայն օգտագործես բոլորին բարիքին համար։
Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ հինգ նկանակները կը խորհրդանշեն Հին Կտակարանի Հնգամատեանը, ուր կը խօսուի Մեսիային մասին, նաեւ կը խորհրդանշեն մեր հինգ զգայարանքները, որոնք թէեւ սահմանափակ են, բայց երբ Աստուծոյ կը ծառայեցնենք՝ օրհնութեամբ կը լեցուին։
Սրբազան Հայրը ընդգծեց ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կաթողիկոսական ընտրութեան եւ օծման 29-ամեակը, դիտել տալով, որ Վեհափառ Հայրապետը կաթողիկոսական մականը իր ձեռքը առած օրէն հաւատարմութեամբ կը ծառայէ Աստուծոյ, եկեղեցւոյ, ժողովուրդին եւ հայրենիքին։ 29 տարիներու ընթացքին, ան աստիճանաբար զարգացուց կաթողիկոսութիւնը, անոր տուաւ համաշխարհային դիմագիծ, շինարարական հսկայ աշխատանք տարաւ, զարգացուց հոգեւոր կեանքը, դպրեվանքը, Թռչնոց Բոյնը, կաթողիկոսութիւնը հարստացուց միաբան հայրերով եւ զանազան մակարդակներու վրայ ազգային, համայնքային, դիւանագիտական, քաղաքական, հոգեւոր, կրօնական, միջկրօնական եւ միջեկեղեցական՝ յառաջխաղացք արձանագրեց։ Սրբազան Հայրը աղօթեց որ Ամենակալը առողջութիւն պարգեւէ Վեհափառ Հայրապետին եւ իր քայլերը առաջնորդէ, որպէսզի աստուածային իմաստութեամբ եւ շնորհքով շարունակէ իր ուսերուն դրուած ծանր, բայց քաղցր առաքելութիւնը։
Մակար Սրբազան իր ուրախութիւնը յայտնեց դպրեվանքէն ժամանած սաներուն Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին մասնակցելուն համար։