Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Լիլի Մինասեան, ելոյթ ունենալով Եւրոպայի Անվտանգութեան եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) խորհրդարանական վեհաժողովի քաղաքական եւ անվտանգային հարցերու յանձնաժողովի նիստին ներկայացուցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ վերջերս տեղի ունեցած միջպետական սահմաններու սահմանազատման գործընթացը՝ յոյս յայտնելով, որ անիկա շարունակական բնոյթ կ’ունենայ։
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդումին համաձայն, Լիլի Մինասեան ընդգծած է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը ճանչնայ իր բոլոր հարեւաններու տարածքային ամբողջականութիւնը ու սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը։
ՀՀ ԱԺ պատգամաւորը ներկայացուցած է, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը ամենաբարձր մակարդակով համաձայնած են, որ փոխադարձաբար կը ճանչնան իրարու տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը՝ հիմնուելով Ալմա-Աթայի հռչակագիրին վրայ։
Ան ներկաներուն տեղեկացուցած է, որ առաջին անգամ անկախ պետականութեան շրջանի մէջ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի 12 քմ տարածքը սահմանազատուած է։
Ան նաեւ աւելցուցած է, որ այդ գործընթացին զուգահեռ՝ կողմերը պայմանաւորուած են աւարտել Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան յանձնաժողովի կանոնակարգի նախագիծի համապատասխանեցումը մօտ օրերս: