Կիրակի, 30 Յունիսին, Եռաբլուրի մէջ 6 նորագիրներ դաշնակցականի երդում տալով՝ համալրած են կուսակցութեան շարքերը։
«Կը համալրուինք ծանր ժամանակներու մէջ, երբ երիտասարդները կուսակցականանալէ կը խուսափին, տարատեսակ պիտակաւորումներէ կը խուսափին ու կը նախընտրեն ապրիլ իրենց կեանքը հանգիստ, առանց մտահոգուելու, կամ ներգրաւուելու համընդհանուր ու ամէն հարցէ վեր այս հոգերէն։ Ձեր կամքի դրսեւորումը, գալը, մեզ պիտի ուժեղացնէ», նշած է ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութեան վարչութեան ներկայացուցիչ Տարօն Ղազարեան։
Երդումը տեղի ունեցած է լիբանանցի դաշնակցական, ԼՂՀ Մարտունիի 26-րդ մոթոհրաձգային գումարտակի հետախուզական ու զինական մասի խորհրդական Մհեր Ջուլհաճեանի շիրիմին մօտ։
Երդումին կնքահայրը ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի անդամ, բժիշկ, ազատամարտիկ Տարօն Տօնոյեանն էր։ Ան կոչ ուղղեց նորագիրներուն՝ պատրաստուելու երկարատեւ պայքարի։ Տօնոյեան ընդգծեց՝ պայքարը բոլոր սերունդներունն է եւ պայքարի մէջ է նոյնիսկ անձնական երջանկութիւնը»։
Նորագիրներէն մէկը ըսաւ, որ կուսակցութեան գաղափարներուն ծանօթանալով որոշած է միանալ այս կուսակցութեան, իսկ ուրիշ մը աւելցուց, որ մասնակցած է «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութեան իրականացուցած «Ազգային-Քաղաքական Դպրոց» նախաձեռնութեան, որուն միջոցով ծանօթացած է դաշնակցական երիտասարդներու ու որոշում գոյացուցած՝ համալրելու կուսակցութեան շարքերը: