Վարչապետի հրաժարականը պահանջող «Սրբազան պայքար» շարժումի առաջնորդ Բագրատ արք. Գալստանեան անցեալ շաբաթավերջին շարժումին աջակիցներուն հետ այցելեց Սիւնիք: Սրբազանը նախ կանգ առաւ Վայքի մէջ, Ս. Տրդատ եկեղեցիին մէջ աղօթեց եւ խօսեցաւ «Սրբազան պայքար»-ի նպատակներուն մասին:
«Սա միայն իշխանափոխութեան մասին չէ: Իշխանափոխութիւնը պարզապէս փոքրիկ բաղադրիչ մըն է, ով որ չ՛ընկալեր ատիկա, կապ չունի շարժումին հետ: Ինչի մէջ որ մենք կը գտնուինք` իբրեւ «Սրբազան պայքար», մեզի համար արժէքներու եւ քաղաքակրթական փոփոխութիւններու մասին է, մեր ակունքին, ինքնութեանը վերադառնալու մասին է», նշեց Բագրատ սրբազանը:
Բագրատ սրբազանին խումբ մը բնակիչներ դիմաւորեցին Սիւնիքի դարպասներուն մօտ: Ան այցելեց Մեղրի, ինչպէս նաեւ Ներքին Հանդ, Դաւիթ Բէկ եւ Շուռնուխ գիւղերը, Կապանի, Քաջարանի եւ Գորիսի բնակիչներուն հետ հանդիպումներ ունեցաւ: Բագրատ արքեպիսկոպոսը նորէն խօսեցաւ շարժման մարելու պնդումներուն մասին: Յորդորեց, որ շարժումը իւրաքանչիւրին անձնականը դառնայ, որպէսզի կարենան չարիքին դէմ պայքարիլ:
«Մեր բոլորին ցանկութիւնն է, աղօթքն է, պայքարն է, որ այս դարպասները երբեք թշնամի չտեսնեն», ընդգծեց նա:
Ազգային ժողովին մօտ 12 յունիսին ոստիկաններու եւ ցուցարարներու բախումներէն ետք Բագրատ սրբազանը դադրեցուց զանգուածային հաւաքները, անհնազանդութեան շարժումները, վերադարձաւ Ս. Աննա եկեղեցւոյ բակ` պայքարը վերաձեւակերպելու եւ հետագայ քայլերը քննարկելու համար:
Իշխանութեան ներկայացուցիչները Բագրատ սրբազանի պայքարին սկիզբէն կը յայտարարէին, թէ կեղծ օրակարգ է Փաշինեանի հրաժարականի պահանջը եւ այս պայքարը պիտի մարի: Սրբազանը յայտարարած էր, թէ պիտի չնահանջէ, կ՛երթայ պայքարը վերաձեւակերպելու:
«Տարաբնոյթ խօսակցութիւններ կան` կասկածներ արթնցնելու, կասկածներ ներդնելու, այդ բոլորը շատ լաւ են, այսպէս կոչուած, այս հանդարտութեան օրերուն ամէն ինչ շատ պարզ կը բացայայտուի, ամէն ինչ շատ տեսանելի կ՛ըլլայ, մենք մեր ուղին աւելի կը կարողանանք բիւրեղացնել, մեր կեդրոնացումը աւելի ճիշդ պահել, որպէսզի մեր հարուածն ալ, մեր չարիքի հեռացումն ալ ճիշդ ժամանակին ու ճիշդ ճանապարհով տեղի ունենայ», ըսաւ Բագրատ սրբազանը: