Freedom House միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը ներկայացուցած է «Ինչո՞ւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայեր չկան» վերնագրով փաստագրական, ծաւալուն զեկոյց, որուն մէջ մանրամասն կերպով ուսումնասիրուած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած դէպքերը՝ 2020-ի ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմէն սկսեալ մինչև Սեպտեմբեր 2023-ին Լեռնային Ղարաբաղի վրայ Ատրպէյճանի զինուորական յարձակումն ու անոր հետեւանքները։
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ զեկոյցը, մասնաւորապէս, կը ներառէ միջազգային փաստահաւաք առաքելութեան աշխատանքը՝ ներառեալ հարցազրոյցներ հարիւրաւոր վկաներու եւ բաց աղբիւրներու հետ, նպատակ ունենալով պատասխանել այն հարցին, թէ ինչո՛ւ 2024-ի Մայիս ամիսէն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ այլեւս հայեր չկան։
Զեկոյցը վերլուծութեան կ՚ենթարկէ եւ կը փաստէ, որ Արցախի մէջ մարդիկ ինչպէս դիտաւորեալ կերպով ենթարկուած են կանոնաւոր յարձակումներու, ահաբեկման, տարրական իրաւունքներէ եւ համապատասխան կենսապայմաններէ զրկումի եւ զանգուածային տեղահանութեան։
Ապացոյցները կը պարզեն, որ ատրպէյճանական պետութիւնը գործած է ծրագրուած ու մշակուած ռազմավարութեամբ՝ Լեռնային Ղարաբաղը իր հայ բնիկ ժողովուրդէն պարպելու եւ տարածաշրջանը «մաքրելու» հայկական պատմական ժառանգութենէն ու մշակոյթէն։
Freedom House միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութեան հրապարակած զեկոյցին մէջ ներկայացուած են նաև 2020-ին Լեռնային Ղարաբաղի դէմ Ատրպէյճանի սանձազերծած 44-օրեայ պատերազմը, Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի 9-ամսեայ շրջափակումը եւ անոր հետեւանքով յառաջացած մարդասիրական ճգնաժամը, խաղաղ բնակչութեան դէմ յարձակումները եւ Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու առաքելութեան առնչուող դէպքերը, բնիկ հայերու զանգուածային տեղաշարժը Լեռնային Ղարաբաղէն Հայաստան, տարածաշրջանի մէջ հայերու առկայութեան փաստերու ոչնչացումը եւ հայկական պատմամշակութային ժառանգութիւնը։
Փաստահաւաք առաքելութեան կատարած աշխատանքը պարզած է, որ առկայ են բաւարար ապացոյցներ՝ եզրակացնելու, որ ատրպէյճանական այս գործողութիւնները, ինչպէս նաեւ զեկոյցին մէջ յիշուած այլ արարքները, նոյնպէս յանցագործութիւններ են՝ համաձայն Միջազգային քրէական դատարանի Հռոմի կանոնադրութեան, ներառեալ 7-րդ յօդուածը (մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւնները)։ 8-րդ յօդուածը, որուն համաձայն՝ կատարուածները պատերազմական յանցագործութիւններ են և համահունչ են տեղահանութեան կամ բնակչութեան բռնի տեղափոխման սահմանումին:
Այս բացայայտումները եւ Ատրպէյճանի մէջ ներպետական հետապնդումներու բացակայութիւնը կ՚ընդգծեն միջազգային իրաւական վերահսկողութեան և հաշուետուութեան հրատապ անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի գործը փոխանցուի Միջազգային քրէական դատարան՝ ապահովելու մանրակրկիտ հետաքննութիւն եւ այս սարսափելի արարքներուն համար պատասխանատու անձերու նկատմամբ քրէական հետապնդում: