ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային Ժողովի Հայաստան-Սուրիա բարեկամական խումբի ղեկավար Իշխան Սաղաթէլեանը եւ բարեկամական խումբի անդամ Գեղամ Մանուկեանը Երեքշաբլի, 2 Յուլիսի առաւօտուն հանդիպում ունեցած են Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Նորա Արիսեանի հետ:
Դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնած է Սուրիա-Հայաստան բարեկամական խումբի աշխատանքներու կազմակերպման համար Ի. Սաղաթէլեանի ունեցած ներդրումին եւ գործադրած ջանքերուն համար։
Հանդիպման ընթացքին կողմերը անդրադարձած են Սուրիոյ եւ Հայաստանի առկայ քաղաքական իրավիճակին, Սուրիոյ հայ համայնքի դիմագրաւած տնտեսական և ժողովրդագրական հարցերուն ու շարք մը այլ հարցերու։
Իր տարած աշխատանքին համար շնորհակալութիւն յայտնելով դեսպանին, Իշխան Սաղաթէլեան ընդգծած է երկու երկիրներու՝ պատմականօրէն ձեւաւորուած բարեկամութիւնը, ինչպէս նաև աշխարհաքաղաքական արդի զարգացումներու շրջագիծէն ներս Հայաստանի ու Սուրիոյ ունեցած շահերու եւ, ի դէմս Թուրքիոյ, արտաքին վտանգներու առկայութիւնը։
Զրոյցի ընթացքին կողմերը յոյս յայտնած են, որ 15 Յուլիսին տեղի ունենալիք Սուրիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք, կարճ ժամանակի մէջ կը ձեւաւորուի Հայաստանի Ազգային Ժողովի հետ բարեկամական խումբը եւ կը վերսկսի միջխորհրդարանական համագործակցութիւնը։
Ամփոփելով հանդիպումը, կողմերը համաձայնած են շարունակել գործակցութիւնը:
ՀՅԴ Հայաստանի Հանրային Կապերու Գրասենեակ
02.07.2024