Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար դոկտ. Ֆայսալ ալ-Մըքտատ շնորհաւորագիր ստացաւ իր ռուս պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովէն՝ ռուս-սուրիական դիւանագիտական յարաբերութեան հաստատման 80-ամեակին առիթով։

Լաւրով իր առաքած շնորհաւորագիրին մէջ հաստատեց, որ երկու երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն կայուն եւ պատմական յարաբերութիւնը հիմնուած է բարեկամութեան եւ փոխյարգանքի վրայ։

Ան յայտնեց, որ անցեալ տասնամեակներու ընթացքին, երկու երկիրները ունեցան գործակցութեան հարուստ փորձառութիւն, որ մշտական զարգացման ենթակայ է։

Լաւրով եզրափակելով վստահեցուց, որ Սուրիոյ եւ Ռուսիոյ գործակցութիւնը պիտի շարունակուի՝ ի նպաստ երկու ժողովուրդներուն եւ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան ու կայունութեան։