1956-ին, Երեւանի մէջ Հայպետհրատի (Հայկական Պետական Հրատարակչութիւն) կողմէ լոյս աշխարհ կու գայ «Քենտերբերեան Հանելուկներ եւ Այլ Հետաքրքրիր Խնդիրներ» գրքոյկը, որ հազիւ 60 էջ հաշուող հաւաքածոյ մըն է:
Այս գիրքը անգլիական գրականութեան նշանաւոր գործերէն մէկէն՝ The Canterbury Tales-էն (Geoffrey Chaucer, 1392) առնուած հանելուկներ եւ խնդիրներ կը պարփակէ, անգլիացի թուաբանագէտ-հեղինակ Henry Dudeney-ի կողմէ հաւաքուած եւ 1907 թուականին հրատարակուած:
Շատ հետաքրքրական են այդ գիրքէն առնուած հինգ հանելուկներ, որոնք կը պատմեն արքայական հտպիտին բանտէն փախուստը, որովհետեւ արքան, չկարենալով լուծել անոր հանելուկներէն ոչ իսկ մէկը, զինք վհուկ համարեր եւ ցկեանս բանտարկութեան դատապարտեր է:
«Իմ խուցը կը գտնուէր ամրոցին ամէնէն վերի յարկը: Անընդհատ կը փորձէի պատուհանին երկաթեայ ճաղերէն մէկը հանել, բայց չէի յաջողեր: Ի վերջոյ կրցայ ծռել ճաղերէն մէկը, ձեւով մը մարմինս խցկել հոն եւ դուրս ելլել խուցէս: Բայց կեցած տեղս այնքան բարձր էր, որ կարելի չէր ցատկել առանց վիրաւորուելու: Անգամ մը կրցեր էի պարան մը ձեռք ձգել, բայց պարանը շատ կարճ էր: Ի՞նչ ընէի: Յանկարծ միտք մը ծագեցաւ՝ պարանը երկու մասի բաժնեցի եւ ապահով կերպով վար իջայ: Գիտցէք տեսնեմ, թէ ինչպէ՛ս կրցայ ընել ատիկա»:
Անկեղծօրէն՝ ես ալ մտածեցի, բայց ճարահատ, կարդացի գիրքին ետեւ դրուած լուծումները.
«Հտպիտը քակեր է պարանին ոլորը, ստացուած երկու բաժինները իրարու հանգուցեր եւ, պարանը կրկնակիօրէն երկարած ըլլալով, կրցեր է վար իջնել»:
Մտածելու տարբեր ձեւ մըն է, որովհետեւ երբ կ’ըսէ «պարանը երկու մասի բաժնեցի», մեր միտքը պարանը մէջտեղէն կիսելը կու գայ անմիջապէս …
Մեր ժողովուրդը եւս ունեցած է հանելուկներ, որովհետեւ հեքիաթներն ու հանելուկները միակ հաճոյքներն էին եւ ժամանցի միջոցները, ձմեռուան երկա՜ր եւ ցուրտ գիշերներուն համար: Սակայն մենք այնքան ալ մեծ թիւ մը չունինք նման հատորներու, ուր հաւաքուած ըլլան հանելուկները, իսկ մեր հեքիաթներուն մէջ հանելուկներ գրեթէ չկան:
1965-ին Գիտութիւններու Ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ Ազգագրութեան ինստիտուտին կողմէ կը հրատարակուի «Հայ Ժողովրդական Հանելուկներ» գիտական համահաւաք հատորը, հեղինակութեամբ Ս. Բ. Յարութիւնեանի, ուր ընդհանուր գիծերով ներկայացուած են հանելուկներուն բնոյթը եւ յատկանիշերը:
Կար շրջան մը, երբ սփիւռքահայ օրաթերթերն ալ իրենց վերջին կամ վերջընթեր էջերուն մէջ հանելուկներ կը հրամցնէին ընթերցողներուն, սովորութիւն մը, որ այսօր չկայ:
Սակայն մանկական այն քանի մը հանդէսները, որոնք լոյս տեսած են Սփիւռքի մէջ (Մկոն ու Չալոն, Պէյրութ) կամ կը շարունակեն լոյս տեսնել («Կկու» Հալէպ, «Փթիթ» Պէյրութ, առցանց), մի՛շտ ալ հանելուկներու եւ խաղերու էջեր ունին, քաջ գիտնալով որ նման խաղեր ամէնէն արագ միջոցներն են մանուկներուն գիտելիք ջամբելու եւ վստահ ըլլալու, որ մանուկները պիտի մտապահեն այդ ստացուած գիտելիքը:
Եթէ խաչբառը կը լարէ ուղեղը եւ նոր բառեր կը սորվեցնէ, հանելուկներն ու տարբեր տեսակի մտային խաղերը կ’օգնեն, որ մանուկներուն տրամաբանութիւնը զարգանայ եւ հարցերը ոչ միայն մէկ, այլ քանի մը տարբեր դիտանկիւններէ դիտելու ունակութիւն ձեռք բերէ փոքրիկը:
«Քենտերբերեան Հանելուկներ»-ու գրքոյկը մեծ հետաքրքրութեամբ կը կարդամ – թէեւ ոչ բոլորը կրնամ լուծել – եւ
կ’անդրադառնամ, որ շրջան մը շատ տարածում գտած ուշիմութիւն չափելու IQ-ի հարցումներուն գոնէ մէկ մասը, 1392-ին հրատարակուած այս գիրքէն կու գան: Ինչպէս օրինակ հետեւեալը.
«Վարի նկարին մէջ կը տեսնենք շախմատի կոտրուած տախտակին կտորները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կազմուած է հինգական քառակուսիներէ, իսկ մէկը՝ չորս քառակուսիներէ: Այսպէս՝ տախտակին բոլոր 64 քառակուսիներն ալ կան, բայց պէտք է զանոնք դասաւորել այնպէս, որ տախտակը վերակազմուի»:
Հետաքրքրական բաժին մը ունին խաղերը, մանաւանդ՝ սեղանի խաղերը (board games) «խաղեր մեծերու համար», մինչ մենք գիտէինք, որ խաղը փոքրերու տարածքին պատկանող գործունէութիւն մըն է …
Այդպէս չէ եղեր: Եւ ինչպէս ամէն բան, խաղերն ալ երբ մտան մեծերուն տիրապետութեան տակ, դադրեցան խաղ ըլլալէ կարծես. նոյնիսկ անոնց անունները այս կը յուշեն՝ monopoly, battle, որոնք ոչ թէ անմեղ ժամանց եւ գիտելիք կու տան, այլ կը զարգացնեն մրցակցութեան ոգին, մանաւանդ կը զարգացնեն միջոցներուն միջեւ առանց խտրութիւն դնելու նպատակին հասնելու մարմաջը:
Նպատակին հասնելու ձգտումը եւ անոր համար ճգնիլը սքանչելի գիծեր են մարդ արարածին բնոյթին մէջ. բայց հասնիլ, առա՞նց միջոցներուն միջեւ խտրութիւն դնելու, այլ խօսքով՝ ոտնակոխելով ամէն սկզբունք եւ մարդկային ամէն նրբազգացութիւն այլին հանդէպ …
Երկար տարիներ մեր խաղերը նոյնը մնացին՝ օձի խաղ, ճատրակ, տամա, տոմինո, թղթախաղի տեսակներ:
Յետոյ արաբական աշխարհին մէջ սկսան երեւիլ արեւմտեան խաղերուն արաբական տարբերակները, որոնցմէ մէկը, շատ սիրուած խաղ մը՝ գիտութեան անիւ (տուլապ ալմաարիֆա) կը կոչուէր:
Անընդհատ նոր խաղերու երեւումին անդրադարձը իրապէ՛ս զարմանք պատճառած է ինծի: Արեւմուտքի քաղաքներու գրախանութներուն մէջ բաժին մըն ալ կայ նման խաղերու տրամադրուած, ուր ամէն այցելութեան նոր խաղ մը կը գտնէի:
Պէտք է ընդունիլ, որ գրեթէ միշտ բոլոր խաղերն ալ միտք աշխատցնող եւ արթնութիւն պարգեւող խաղեր են, որոնցմէ պատանիները շատ բան կրնան սորվիլ, իրապէ՛ս հաճելի միջոցով:
Ուրախութիւն է նաեւ այստեղ, Գահիրէի ակումբներուն մէջ տեսնել թէ ինչպէս պատանիներ եւ երիտասարդներ միասին
Րումի խաղը կը խաղան:
Կ’ափսոսամ երբեմն, որ բառխաղը (scrabble), իր երկու լեզուներով՝ անգլերէնով եւ հայերէնով կարծես մոռացութեան
տրուած խաղ մը դարձեր է: Սակայն տարբեր է արեւմտեան երկիրներուն մէջ, ուր Հէրրի Փոթըրի նուիրուած անգլերէն բառխաղ մը տեսայ: Ձեւ մըն է ասիկա հին, բայց բնաւ չհինցող խաղ մը նորոգելու, հետաքրքրական ընծայելու պատանիներուն, որոնց համար եթէ բառխաղը իրենց ծնողքին, հետեւաբար հին խաղ է, միւս կողմէ Հէրրի Փոթըրը շատ շատերուն հերոս պատանին է:
Անսովոր չէ սեղանի խաղերը սիրող ընտանիքներու տուներուն մէջ գրադարանի ամբողջ դարան մը լեցուն նման խաղեր տեսնելը, բան մը, որ այնքան ալ սովորական չէ մեզի համար:
Պատմուածք մը կը յիշեմ, որուն խորագիրն ու հեղինակին անունը դժբախտաբար անհետացեր են միտքէս: Նափոլէոնի վերջին տարին Ս. Էլէնա կղզիին վրայ: Դրացի մը կը բարեկամանայ հետը եւ կը սկսին ամէն օր միասին «Պատերազմ» խաղալ մանրակերտ զինուորներով եւ քարտէզով:
Դրացին անընդհատ կը զարմանայ անոր ունեցած հմտութեան, օգտագործած մարտավարութեան եւ ռազմական քայլերուն վրայ: Կը մտածէ թէ սա մարդը շատ հմուտ եւ բարձրաստիճան զինուորական մը ըլլալու է (մի՛ մոռնաք որ այդ օրերուն ո՛չ բջիջային կար, ո՛չ համացանց, ոչ իսկ լուսանկար): Բայց կը քաշուի հարցնելու:
Միայն երբ Նափոլէոն կը մահանայ եւ կը սկսին թաղման պատրաստութիւններ տեսնել, դրացին կ’իմանայ թէ իրապէս ո՛վ էր եղեր իր խաղընկերը:
Մարուշ Երամեան