«Փաստ» օրաթերթը կը գրէ. Iarex.ru-ն «Էրտողանը Փաշինեանը հրաւիրած է այցելելու Թուրքիա» վերնագիրով յօդուածին մէջ գրած է, որ Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Սեբաստիան Լեքորնուի եւ անոր հայ գործընկեր Սուրէն Պապիկեանի կողմէ Հայաստանին «Caesar» հրետանային համակարգերու վաճառքի շուրջ համաձայնագիրի ստորագրութեան մասին Ատրպէյճանի կտրուկ յայտարարութենէն ընդամէնը քանի մը ժամ անց, հեռաձայնային զրոյց տեղի ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի եւ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ։
Ըստ Թուրքիոյ նախագահի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան հաղորդագրութեան, զրոյցի ընթացքին Փաշինեան շնորհաւորած է նախագահ Էրտողանը Ֆթըր տօնին առթիւ, եւ կողմերը քննարկած են երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը՝ «առանց նախապայմաններու»։ Կարեւոր համարուած է «երկու երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչներու միջեւ բանակցութիւնները շարունակելը», ինչպէս նաեւ «հաստատուած են ցարդ համաձայնեցուած հարցերը»։ Անշուշտ այդ ամէնը քննարկուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման հեռանկարներու շրջագիծին մէջ։
Բայց ասիկա դեռ ամէն խօսուածը չէ: Նոյն օրը Փաշինեան Երեւանի մէջ ընդունած է ԱՄՆ պետքարտուղարի տեղակալ Ռիչըրտ Վերման։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի բանակցութիւնները, երկու երկիրներու սահմաններու սահմանազատման գործընթացը եւ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը։ Բացի այս բոլորէն, ռուսական լրատուամիջոցի մը տուած հարցազրոյցին մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց փոխնախարար Միքայէլ Գալուզին յայտարարած է, որ «Հայաստանի անցումը ԱՄՆ-ի եւ ՆԱԹՕ-ի «թուղթէ հովանոցին» տակ անկարելի կը դարձնէ Ռուսիոյ հետ եւ ՀԱՊԿ-ի շրջագիծէն ներս միասնական պաշտպանական տարածքի պահպանումը»։ Ինչպէս կը տեսնենք, Հայաստանի հասցէին տարբեր դիրքորոշումներով քննադատութիւնը Պաքուէն եւ Մոսկուայէն կու գայ, իսկ Անգարա կը փորձէ երկխօսութիւն պահպանել Երեւանի հետ։
Ի՞նչ կը կատարուի: Հարցերուն փորձած է պատասխանել iarex.ru-ի սիւնակագիր Ստանիսլաւ Տարասովը։ «Կը փափաքինք անմիջապէս ուշադրութիւն հրաւիրել բազմաթիւ լրատուական գործակալութիւններու աշխատանքի վրայ։ Հաղորդելով Էրտողանի եւ Փաշինեանի հեռաձայնային զրոյցին մասին՝ անոնք, չես հասկնար ինչու, աննկատ թողած են Թուրքիոյ նախագահի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան յայտարարութիւնը այն մասին, որ Էրտողան Փաշինեանը հրաւիրած է այցելելու Թուրքիա՝ յիշատակելու Վարդավառի (Տիրոջ Պայծառակերպութեան) տօնը, որ կը համընկնի 16 Յուլիսին: Այստեղ հարցը այն է, թէ Էրտողան Թուրքիոյ ո՞ր հատուածին մէջ պիտի ընդունէր Փաշինեանը, եթէ ան համաձայնէր ընդունիլ նման հրաւէր մը։ Հաւանական էր, որ տօնակատարութիւնը տեղի ունենար Արեւելեան Անատոլուի, որ հայկական պատմագրութեան մէջ կը կոչուի Արեւմտեան Հայաստան, եւ որ Օսմանեան կայսրութեան հայերուն պատմական բնակութեան շրջանն էր մինչեւ 1915 թուականի Ցեղասպանութիւնը։
Այդ պարագային Փաշինեանի հաւանական այցելութիւնը Թուրքիոյ այդ հատուած կրնար շատ առումներով խորհրդանշական դառնալ», յայտնած է Տարասով։ Վերադառնալով Էրտողանի եւ Փաշինեանի զրոյցին՝ քաղաքագէտը մամուլը մէջբերելով ըսած է. «Փաշինեան խօսած է Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ թշնամական յարաբերութիւններու դադրեցման կարեւորութեան մասին։ Անոր խօսքով, Ռուսիա չի կրնար ըլլալ հանրապետութեան ապահովութեան երաշխաւոր՝ Ուքրանիոյ մէջ իր ռազմական գործողութիւններուն պատճառով։ Էրտողան ըսած է, որ ժամանակն է «մէկդի նետել անհիմն յիշողութիւնները» եւ գործել՝ ելլելով ներկայ քաղաքական իրավիճակէն։ Ան յոյս յայտնած է, որ Հայաստան «կ’ընտրէ նոր սկիզբ ստեղծելու ճամբան՝ լուսաւոր ապագայի համար», եւ անոր շնորհիւ «կը սկսի նոր դարաշրջան»»։
«Բայց հարցը այն է, թէ արդեօ՞ք Էրտողան ինք Երեւանի, Մոսկուայի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւններուն բարդութիւններու ներկայ վիճակին պատրաստ է խաղալ հայկական «խաղաթուղթով» եւ քայլերու ձեռնարկել Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գծով նախքան անոր՝ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելը։ Ճիշդ այս խորապատկերին վրայ կը կառուցուի Հայաստանի դիւանագիտութիւնը թրքական կողմին հետ, երբ Երեւան կը յայտարարէ, որ Ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմէն վերջ Հայաստանի հետ թրքական սահմանը փակ պահելու որեւէ պատճառ չկայ։ Ըստ երեւոյթի Թուրքիոյ դիրքորոշումը փոխուած է», ըսած է Թարասով։ Նախապէս Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու կարգաւորումը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման գործընթացը փաստօրէն տեղի կ’ունենային Ռուսիոյ միջնորդութեամբ։
Այժմ Հայաստանին՝ Թուրքիոյ հետ սահմանները բանալու ցանկութիւնը ներառուած է Ատրպէյճանի, Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ անոր բարդ յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ դէպի Արեւմուտք շեղելու շրջագիծին մէջ, կ’ենթադրէ քաղաքագէտը։ «Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, յատկապէս նկատի ունենալով Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ՀԱՄԱՍ-ի հետ Իսրայէլի պատերազմի եւ Մոսկուայի միջնորդութեամբ Սուրիոյ մէջ քրտական հարցը լուծելու Թուրքիոյ ցանկութիւնը, Էրտողանին ձեռնտու չէ հայկական «խաղաթուղթի» խաղարկումը միաժամանակ Ատրպէյճանի, Ռուսիոյ եւ Իրանի դէմ։ Հետեւաբար, Անգարա Երեւանի բոլոր ակնկալիքները կ’ուղղէ ոչ թէ դէպի Արեւմուտք եւ ՆԱԹՕ-ի կառոյցներ, այլ առանց Արեւմուտքի միջամտութեան դէպի «3+3» ձեւաչափ (Ռուսիա, Թուրքիա, Իրան, Ատրպէյճան, Հայաստան, Վրաստան)։ Այդ ուղիով ներկայիս կը մատնանշուի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին համաձայնագիրի ստորագրութեան հեռանկարը», եզրափակած է Թարասով: