«Հրապարակ» օրաթերթը կը գրէ ․ «Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» շարժումը Սիւնիք կատարուած այցելութենէն ետք մտադիր է շարունակել մարզային այցելութիւնները: Այժմ կը քննարկուի Արարատի մարզ մեկնելու հարցը, քանի որ յաջորդ «զոհը» Տիգրանաշէն համայնքն է՝ «սահմանազատման» գործընթացի անուան տակ այն կրնայ անցնիլ Ատրպէյճանին: Ինչ որ կը նշանակէ, թէ կը վտանգուի միջպետական ճամբան, եւ կրնայ կտրուիլ ՀՀ «աղջկայ պարանոցը»` Սիւնիքն ու Վայոց Ձորը։ Նաեւ շարժումին մէջ վերադասաւորումներ կ’ընթանան, կը մշակեն ժամանակաւոր կառավարութեան ծրագիրը, երկրի զարգացման տեսլականը:
Բոլոր ոլորտներուն մասին ծաւալուն ծրագիրներ կազմուած են` ոլորտային մասնագէտներու մասնակցութեամբ։ Երբ շարժումը կրկին աշխուժանայ, այդ ծրագիրները կը ներկայացուին հանրութեան։ Շարժումի գործունէութիւնը կը նախատեսէ փողոցը կրկին աշխուժացնել աշնան: Սրբազանը հանդիպած է քաղաքական մօտ 2 տասնեակ ուժերու ներկայացուցիչներու հետ եւ ամփոփած կատարուածը, քննարկուած են յառաջիկայ ընելիքները։ Շարժումը, սրբազանին հաստատումով, յառաջիկային նոր թափով պիտի վերսկսի։