ԵԱՀԿ ԽՎ-ի ՊԼԵՆԱՐ ՆԻՍՏԻՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԼԻԼԻԹ ԳԱԼՍՏԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ.
ԵԱՀԿ ՇՐՋԱՆԱԿՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԱՊԱԳԱՅ ՔԱՅԼԵՐՈՒ ՁԵՌՆԱՐԿԵԼ՝ ՀԱՍՏԱՏԵԼՈՒ ԱՅՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՁԵՒԱՉԱՓԵՐԸ, ՈՐՈՆՔ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐՔԵՒ Կ’ԵՐԱՇԽԱՒՈՐԵՆ ԱՐՑԱԽԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ։
Յարգելի՛ գործընկերներ,
Կը փափաքէի խօսքս սկսիլ առաջատար հարցով՝ արդեօք մենք բաւարար ջանքեր գործադրա՞ծ ենք ՝ կեանքի կոչելու մեր իսկ կողմէն որդեգրուած բանաձեւերը՝ անով իսկ նպաստելով մեր կազմակերպութեան հեղինակութեան։
Հարցս կ’ուղղեմ տակաւին չկարգաւորուած ղարաբաղեան հակամարտութեան եւ անվտանգային ճգնաժամի ընթացքին, որ իրատես գոյաբանական մարտահրաւէր է Հայաստանի համար։
2023 Սեպտեմբերին, Ատրպէյճանի կողմէն 9-ամսեայ դաժան շրջափակումէն վերջ, ցեղասպանութեան իրական սպառնալիքի տակ 150 հազար հայեր լքեցին Արցախը՝ իրենց 3000 տարուան հայրենիքը եւ հարկադրաբար տեղափոխուեցան Հայաստան։
Սա յստակ ցեղային զտման քաղաքականութիւն էր եւ գործողութիւն, որուն յաջորդեցին մշակութային եւ ընկերային ոչնչացումը:
Արցախի ժողովուրդի հաւաքական եւ արժանապատիւ վերադարձի հարցը կը շարունակէ առաջնահերթ մնալ։ Անցած երեք տարիներու ընթացքին Եւրոպական Խորհրդարանը եւ եւրոպական 30 երկիրներ ընդունած են յայտարարութիւններ, ուր ամրագրուած է արցախահայութեան անվերապահ վերադարձի իրաւունքի իւրացումը՝ հիմնուած միջազգային երաշխիքներուն, պատմական եւ մշակոյթի ժառանգութեան նկատմամբ պատշաճ յարգանքի եւ պահպանութեան հիմքով։
Այս եւ աւելի ուշ ստորագրուած բազմաթիւ բարձր մակարդակի յայտարարութիւնները մնացած են անհետեւանք՝ Ատրպէյճանի անտեսումին, ինչպէս նաեւ միջազգային հանրութեան անգործութեան, գործողութիւններու չորդեգրման պատճառով։
Ատրպէյճանի շարունակական ռազմականացումն ու Հայաստանի դէմ անոր տարածքային պահանջները կը խաթարէ վստահութիւնը այսպէս կոչուած «խաղաղութդան գործընթացի» նկատմամբ:
Սահմռկեցուցիչ լուրեր կը ստանանք Պաքուի բանտերուն մէջ ապօրինաբար պահուող Ղարաբաղի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան նկատմամբ բռնաճնշումներու եւ խոշտանգումներու մասին, որոնց մէջ են 3 նախկին ընտրուած նախագահներ, վարչապետ եւ խորհրդարանի խօսնակ, պաշտօնեաներ, որոնց հետ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահները կանոնաւոր շփումներ ունեցած են աւելի քան 3 տասնամեակ:
Ակնյայտ է, որ խաղաղութեան գործընթացը կրնայ շահիլ եւ յենուիլ միայն վստահութեան գործիքակազմի կիրառման պարագային, Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ կալանաւորներու ազատ արձակման պարագային:
Սիրելի գործընկերներ, հրամայական է, որ հակամարտութեան հանգուցալուծումը բխի հարցի բուն էութեան եւ պատճառներու հաշուառումով։
Ակնյայտ է՝ տարածաշրջանի մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատումը կարելի է միայն Արցախի ժողովուրդի հաւաքական վերադարձով։
Ուստի, ես կոչ կ’ուղղեմ իմ գործընկերներուն ԵԱՀԿ շրջանակներու մէջ հետագայ քայլեր ձեռնարկելու՝ հաստատելու այն միջազգային ձեւաչափերը, որոնք միջազգային պաշտպանութեան տակ՝ կ’երաշխաւորեն Արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքը՝ ապահովելով անոնց անվտանգութիւնը, ապահովութիւնը եւ կայուն խաղաղութիւնը։
Լիլիթ Գալստեան
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի անդամ, Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր