Տասներեք տարիէ ի վեր Սուրիոյ պետութեան, իշխանութիւններուն եւ ժողովուրդին դէմ բանեցուած պատերազմը, տնտեսական պատժամիջոցները եւ արտաքին քաղաքական բազմապիսի ճնշումները մարդկային, նիւթական եւ տնտեսական ահաւոր կորուստներու պատճառ դարձան։ Շահագործուեցան Սուրիոյ ժողովուրդի տարբեր շերտեր, գաղթեցին միլիոնաւոր քաղաքացիներ, իսկ ժողովուրդի մեծամասնութիւնը մնաց ու տոկաց՝ վստահելով պետութեան վարած քաղաքականութեան ու Սուրիոյ օրհնեալ հողին. այն հողին, որ պատմութեան ընթացքին բազում ասպատակութիւններու ենթարկուած, սակայն յաղթահարած է զանոնք, դուրս շպրտած թշնամին ու վերականգնած։
Տասներեք օրհասական տարիներու մէջ Սուրիոյ պետութիւնը կանգուն մնաց, անոր հիմերը չխարխլեցան,իսկ պատերազմի հետեւանքներուն յաղթահարման ռազմավարութիւնը բնորոշուեցաւ ազգային ու պետական տեսլականններու ներդաշնակ երանգով։
Երկրի որոշ տարածքներ բռնագրաւուեցան, ժողովրդագրական փոփոխութիւններու ենթարկուեցան, սակայն Սուրիան պատերազմի սկզբնական տարիներէն մինչեւ օրս իր բոլոր բանակցութիւններուն, յայտարարութիւններուն ու պետական այրերու պատգամներուն ընդմէջէն կրկնեց նոյնը՝ չկայ յարաբերութիւններու կարգաւորում որեւէ երկրի հետ, եթէ չեն յարգուիր Սուրիոյ ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը։
Այս ուղիէն շեղում չարձանագրուեցաւ ամէնէն ծանր օրերուն անգամ։ Ու այսօր, Սուրիան քայլ առ քայլ դուրս կու գայ պատերազմի պարտադրած սահմանափակումներէն ու արաբական երկիրներու եւ Թուրքիոյ հետ իր յարաբերութիւնները վերականգնելու փուլ կը մտնէ՝ առանց զիջելու իր հիմնական երկու սկզբունքներէն, Սուրիոյ Սահմանադրութեան թելադրած կարմիր գիծերէն՝ ինքնիշխանութենէն եւ տարածքներու ամբողջական ազատագրման հրամայականէն։
Սուրիոյ Սահմանադրութիւնը փոխելու համար հազարումէկ միջամտութիւններ եղան, սակայն Սուրիան տեղի չտուաւ, այլ հաստատեց, որ ժողովուրդը կ’որոշէ թէ ի՛նչ կարելի է փոխել եւ ինչպէ՛ս։
Սահմանադրական կարեւոր իրադարձութիւն է յառաջիկայ օրերուն իրականանալիք Սուրիոյ խորհրդարանական ընտրութիւնը։
Սուրիոյ խորհրդարանը պատերազմի տարիներուն գործեց անխափան ու կարեւոր յենարան դարձաւ պետութիւնը կանգուն պահելու ճիգերուն։ Այդուհանդերձ, այս փուլին, Սուրիոյ խորհրդարանի օրէնսդրական 4-րդ նստաշրջանի ընտրութիւնները յատուկ իմաստ կը զգենուն, որովհետեւ երկիրը արտաքին թէ ներքին քաղաքական նոր զարգացումներու սեմին է, հետեւաբար անհրաժեշտ է որ երկրի համապատասխան օրէնսդրական գործիքակազմը պատրաստ ըլլայ ներկայացնելու ժողովուրդն ու անոր պահանջները այս փուլին, միաժամանակ ամուր պահէ պետական համակարգը։
Ողջունելի է հայ համայնքի միասնական աշխատանքը այս առումով, որպէս Սուրիոյ հասարակական, տնտեսական, մշակութային թէ քաղաքական կեանքին մէջ նկատառելի դեր ունեցող տարր։
Համայնքի յարանուանութիւններուն, կազմակերպութիւններուն եւ միութիւններուն միասնական թեկնածուի մը շուրջ համաձայնութիւնը կ’ամրապնդէ համայնքին դերը երկրէն ներս, իսկ համապատասխան աշխատանքը՝ սատարելու խորհրդարանական ընտրութիւններու կանոնաւոր ընթացքին, կը շեշտադրէ համայնքի զաւակներուն քաղաքացիական պարտաւորութեան գիտակցութիւնը եւ կ’ամրագրէ անոնց իրաւունքները։
Այս փուլին, որքան որ կարեւոր է ընտրութիւններու կազմակերպչական աշխատանքներուն մասնակցութիւնը, նոյնքան էական է 15 Յուլիսին համայնքի զաւակներուն կուռ շարքերով մասնակցութիւնը խորհրդարանական ընտրութիւններուն։
Այս մասնակցութիւնը պարզապէս ընտրութիւններուն ներկայ ըլլալ ու պատաւորութիւն մը ի կատար ածել չի նշանակեր, այլ կը նշանակէ հաւատալ Սուրիոյ վերականգնումի յառաջիկայ քայլերուն, ցանկութիւն ունենալ մասնակցելու վերականգնումի տարբեր փուլերուն ու մէկս միւսին թիկունք կանգնելով սատարելու երկրի ընկերային, տնտեսական, մշակութային այն բարեկարգումներուն, որոնք թափ պիտի առնեն Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան վերջնական հաստատումով ու արտաքին թէ ներքին տագնապներու աստիճանական փարատումով։
Ուրեմն մասնակցինք, որպէսզի մեր բոլորին ճիգերով ու աշխատանքով վառ պահենք յոյսին ջահը։