Շատեր կը կարծեն, թէ աշխարհի մէջ տիրապետող լեզուն անգլերէնն է։ Իմ կարծիքով համաշխարհային լեզուն երաժշտութիւնն է՝ իր կախարդական ձայնանիշերով։ Կ’ըսեն, թէ երաժշտութիւնը կ’ազնուացնէ մարդու հոգին, կը կերտէ  զայն ու գործունեայ եւ համեստ անձի կը վերածէ։ Ինծի կ’օգնէ հանգստանալու, ժխտական մտածումներէս ձերբազատելու, ամփոփուելու եւ ճիշդ, դրական ձեւով կողմնորոշուելու տարբեր հարցերու պարագային։
Երաժշտութիւնը հոգիս կը թեթեւցնէ,  տարբեր երաժշտական կտորներ լսելով ինքզինքս  ամպերու վրայ, եթերային աշխարհի մը մէջ կը պատկերացնեմ։ Անսահման գոհունակութիւն մը կը պատէ հոգիս ու քանի մը վայրկեանուան մէջ կը շրջիմ ամբողջ աշխարհը, վայելելով այն անհուն ուրախութիւնը, որ ոչ մէկ ուժ կամ ոչ ոք կրնայ շնորհել ինծի։
Երաժշտութիւնը կեանքի գոյնն է, առանց երաժշտութեան կեանքը պիտի դառնար սեւ ու ճերմակ։ Չեմ կրնար երեւակայել աշխարհ մը առանց մեղեդիներու ելեւէջներուն։
Նուագած իւրաքանչիւր երաժշտական կտորիս հետ կ’ապրիմ այնպիսի ուրախութիւն եւ բերկրանք, զորս բառերը անկարող են արտայայտել։ Երաժշտութիւնը առանց ոչ մէկ բառի կը դառնայ արտայայտութիւնը մեր սրտի ամենախոր զգացումներուն, մեր այն մտքերուն, որոնք բառերով կը դժուարանանք բացատրել կամ արտայայտել։
Մէկ խօսքով՝ երաժշտութիւնը կը դառնայ մեր սրտի լեզուն, սէր եւ ջերմութիւն սփռելով մեր շուրջբոլորը եւ ազդելով ոչ միայն նուագողին այլեւ ունկնդիրին ներաշխարհին վրայ։
Ահա թէ ինչո՛ւ երաժշտութիւնը իր անզուգական մեղեդիներով կը դառնայ համաշխարհային լեզու մը, որ կը յաղթահարէ ամէն չարիք եւ նոյնիսկ կրնայ ստեղծել աշխարհ մը, ուր չկան պատերազմներ ու զէնքեր, անոնց ահաւոր ձայներուն կը փոխարինեն երաժշտութեան անուշ մեղեդիները։
Գեղանի Կէվրէկեան