Սուրիոյ Խորհրդարանական ընտրութիւններու ազգի միասնական թեկնածու փաստաբան Մարիա Գաբրիէլեան, ընկերակցութեամբ ընտրական կեդրոնական մարմնի անդամներուն, մտերմիկ հանդիպում ունեցաւ TOGETHER հաստատութեան տնօրէնին եւ անձնակազմին հետ։

Հանդիպումին քննարկուեցան երիտասարդութիւնը յուզող հարցերը եւ անոր դիմագրաւած դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները դիմագրաւելու միջոցները։

Ներկաները հաստատեցին միասնական գործի կարեւորութիւնն ու արդիւնաւորութիւնը։

TOGETHER հաստատութիւնը յայտնեց իր զօրակցութիւնը ազգի թեկնածուին եւ պատրաստակամութիւնը՝ ի պահանջել հարկին օգտակար դառնալու։