ԸՆԿԵՐԱՅԻ՞Ն ԱՆՁ ԷՔ, ԹԷ …
Եթէ կ’ուզէք իմանալ, թէ ընկերայի՞ն անձնաւորութիւն էք, թէ դժուարութիւն ունիք գործնական թէ անձնական յարաբերութիւններու մշակման մէջ, «այո», «ոչ» կամ «երբեմն» պատասխանեցէ՛ք ստորեւ արձանագրուած հարցումներուն։
Ի միտի ունեցէք հետեւեալը.
«Այո» պատասխանելով 2 կէտ կը շահիք,
«Ոչ» պատասխանելով՝ ոչ մէկ կէտ,
«Երբեմն» պատասխանելով՝ 1 կէտ։
Ահաւասիկ հարցումները՝
1. Եթէ կը պատրաստուիք գործնական կամ սովորական հանդիպումի, կը նեղանա՞ք երկար սպասելէ։
2. Լարուած եւ անհանգիստ կը զգա՞ք , նախքան ժողովի, համագումարի կամ նման այլ մեծ լսարանի դիմաց զեկոյցով, հաղորդագրութեամբ ձեր հանդէս գալը:
3. Բժիշկին այցելելը կը ձգձգէ՞ք մինչեւ վերջին վայրկեան:
4. Եթէ ձեզի առաջարկեն գործուղման երթալ քաղաք մը, ուր նախապէս չէք գացած, կը փորձէ՞ք խուսափիլ գործուղումէն:
5. Կը սիրէ՞ք բոլորին հետ բաժնեկցիլ ձեր ապրումները:
6. Կը նեղանա՞ք, եթէ փողոցը անծանօթ մը խնդրէ որ ճամբայ մը ցոյց տաք, ժամը ըսէք եւ այլն։
7. Համոզուա՞ծ էք, որ տարեց եւ երիտասարդ սերունդներու միջեւ հաղորդակցութիւնը դժուար է։
8. Անծանօթի մը հետ առանձին մնալու պարագային ճնշուած կը զգա՞ք, նոյնիսկ եթէ ան սկսի խօսիլ ձեզի հետ:
9. Կը խուսափի՞ք մասնակցելէ ընկերային յարաբերութիւններու առնչուող հարցերու շուրջ զրոյցներու։
10. Եթէ ձեզի ծանօթ հարցի մը շուրջ սխալ կարծիք լսէք, բանավէճի կը մտնէ՞ք կարծիք յայտնողին հետ։
11. Եթէ մէկը որեւէ հարցով ձեր օգնութիւնը խնդրէ, կ’ընդառաջէ՞ք։
Պատասխաններու արդիւնք
————————————-
Գումարեցէ՛ք ձեր պատասխաններուն կէտերը եւ ըստայնմ եթէ հաւաքէք.
3 կէտ եւ նուազ
Ձեր ընկերային կեանքը հիւանդագին բնոյթ ունի: Դուք շատախօս էք, կը խառնուիք ձեզի հետ ոչ մէկ կապ ունեցող գործերու: Դատողութիւններ կ’ընէք նոյնիսկ այնպիսի հարցերու շուրջ, որոնք ձեր իրաւասութեան սահմաններէն դուրս են: Կամայ թէ ակամայ յաճախ ձեր շրջապատին հետ տարբեր բարդութիւններու պատճառ կը դառնաք: Շուտ կը բռնկիք եւ նեղացկոտ էք։ Հարկ է բարելաւել ձեր բնաւորութեան կարգ մը գիծերը եւ յարգել զրուցակիցը։
4-8 կէտ
Չափազանց ընկերային էք: Միշտ տեղեակ եք բոլորին գործերուն, կը սիրէք մասնակցիլ բոլոր քննարկումներուն, սակայն լուրջ հարցերը գլխու ցաւ կը պատճառեն ձեզի։ Հաճոյքով զրոյց մը կը վարէք եթէ մակերեսային նիւթի շուրջ կը դառնայ քննարկումը, այլապէս կը խուսափիք անկէ։ Թէեւ պատասխանատուութիւն կրող անձնաւորութիւն էք, այդուհանդերձ միշտ չէ որ կը յաջողիք գործ մը իր ամբողջական աւարտին հասցնել: Այս իսկ պատճառով ձեր ղեկավարները՝ աշխատակիցները ձեզի հետ զգուշութեամբ կը վարուին։ Փորձեցէ՛ք ըլլալ աւելի վստահելի ու խորաթափանց գործընկեր:
9-13 կէտ
Դուք շատ մարդամօտ էք (երբեմն նոյնիսկ չափազանց), հետաքրքրասէր, ընկերային, կը սիրէք տարբեր նիւթերով արտայայտուիլ։ Դիւրաւ կը շաղուիք եւ կը սիրէք նոր ծանօթութիւններ ունենալ։
14 եւ աւելի
Ձեր ընկերային յարաբերութիւններուն մակարդակը բնական է: Հետաքրքրասէր էք, ուշադիր եւ մեծ հաճոյքով կը լսէք ձեր զրուցակիցին: Համբերատար էք, կը պնդէք ձեր տեսակէտը առանց բարկութեան: Մեծ հաճոյքով կը ծանօթանաք նոր մարդոց հետ, բայց միեւնոյն ատեն չէք սիրեր աղմկոտ միջավայրեր:
***
ԽՈՀԱԳԻՐ
—————
ՊԱՆԻՐՈՎ ԵՒ ՁՄԵՐՈՒԿՈՎ ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԱՂՑԱՆ
Բաղադրութիւն
2 գաւաթ ձմերուկի շերտուած խորանարդեր
2 շերտուած վարունք
2 խոշոր կտոր մանրուած թարմ պանիր
Քառորդ տրցակ անանուխի թարմ տերեւներ
15-20 հատիկ սեւ ձիթապտուղ (կորիզը հանուած)
Աղ, կիտրոնի հիւթ, ձիթաիւղ։
Պատրաստութիւն
Պնակի մը մէջ տեղադրել մանրուած բաղադրութիւնը, վրան աւելցնել աղը, մէկ կիտրոնի հիւթը եւ երկու ապուրի դգալ ձիթաիւղը։ Խառնել, պահել սառնարանը մինչեւ հիւրասիրելու պահը, ապա պաղ վիճակով հիւրասիրել։
Բարի ախորժակ