ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԸՄԲԻՇՆԵՐԸ ՊԱՏՈՒԱԲԵՐ ԱՐԴԻՒՆՔ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՑԻՆ
Ազատ ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի առաջնութեան Հայաստանի հաւաքականի կազմէն մետալներ նուաճեցին Արտակ Աղաբէկեանն ու Աշոտ Գիւլնազարեանը: Արտակ Աղաբէկեան Եւրոպայի առաջնութեան երկու յաղթանակ տօնելէ ետք, կիսաեզրափակիչին պարտուեցաւ ռուս ներկայացուցիչ Ճամալ Բակայեւին հետ մրցումին։ Երրորդ տեղի համար մղուած գօտեմարտին՝ հայ ըմբիշը 4- 2 արդիւնքով յաղթեց ուքրանացի Եվգենի Շարկովին եւ նուաճեց պրոնզէ մետալը։ Աշոտ Գիւլնազարեան Հունգարիոյ եւ Ռումանիոյ ներկայացուցիչներուն յաղթելէ ետք, կիսաեզրափակիչին պարտուեցաւ ռուս Ռուսլան Շոգենովի հետ մրցումի աւարտին։ Իսկ պրոնզէ մետալի համար մղուած գօտեմարտին հայ ըմբիշը 10-0 արդիւնքով յաղթեց զուիցերիացի Կեվին Փիրխլերին։ Աւելցնենք, որ ազատ ոճի Հայաստանի պատանեկան հաւաքականը Եւրոպայի առաջնութեան շահեցաւ 1 ոսկի եւ 5 պրոնզէ մետալ:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ԳԵՐՄԱՆԻԱ ԵՒ ՍՊԱՆԻԱ ԿԻՍԱԵԶՐԱՓԱԿԻՉԻՆ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՊԻՆ
Եւրօ-2024-ի 1/8-րդ եզրափակիչ հանդիպումներուն, Գերմանիոյ հաւաքականը 2-0 հաշիւով յաղթեց Դանիոյ խումբին։ Երկրորդ խաղակիսուն նախ տուգանային հարուածով հաշիւը բացաւ Կայ Հաւերձը, ապա Գերմանիոյ արդիւնքը կրկնապատկեց Ճամալ Մուսիալան։ Աւելցնենք, որ տեղատարափ անձրեւին, կայծակին եւ կարկուտին պատճառով, հանդիպման առաջին կիսախաղը 10 վայրկեանով ընդհատուեցաւ: Նոյն օրը քառորդ եզրափակիչի ուղեգիր ստացաւ նաեւ Զուիցերիան, որ 2 – 0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Եւրոպայի գործող ախոյեանը՝ Իտալիան: Կիրակի օր Սպանիոյ հաւաքականը յաջողեցաւ 1 – 0 արդիւնքով պարտութիւնը վերածել 4 – 0 յաղթանակի: Մրցումին կոլերուն բացումը կատարեց Վրաստանը, որմէ ետք սպանացիները տիրապետելով խաղարկութեան յաջողեցան չորս անգամ ցնցել մրցակիցին դարպասը: Այսպիսով, Սպանիոյ հաւաքականը հասաւ Եւրօ 2024-ի 1/4 եզրափակիչ, ուր մրցակից պիտի ունենայ Գերմանիան:
ԱՆԳԼԻԱ ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՏՆԵՑ ՍԼՈՎԱՔԻԱՆ
Եւրօ-2024-ի Անգլիոյ հաւաքականը 1/8 եզրափակիչ հանդիպումին յաջողեցաւ պարտութեան մատնել Սլովաքիան։ Անգլիացի Կարէթ Սաութքէյթի գլխաւորած խումբը յաղթեց 2 – 1 արդիւնքով: Հանդիպումի 25-րդ վայրկեանին, Պրահայի Սլովաքիոյ յարձակող Իվան Շրանց, Տէյվիտ Ստրելեցէն ստացած գնդակով նշանակեց խումբին միակ կօլը: Երբ հանդիպումը հասած էր իր աւարտին, աւելցուած 5-րդ վայրկեանին հաւասարութեան կոլը նշանակեց Ռէալ Մատրիտի կիսապաշտպան Ժուտ Պելինկհամը։ Ապա հանդիպումը անցաւ յաւելեալ ժամանակի խաղարկութեան, ուր Պայերն Միւնէխի յարձակողական խաղացող Հերի Քէյն նշանակեց Անգլիոյ յաղթանակի կօլը:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան