Ուրբաթ, 5 Յուլիս 2024-ին, Սուրիոյ Հանրապետութեան Նախագահութիւնը գուժեց Սուրիոյ Հանրապետութեան Նախագահութեան խորհրդատու Լունա աշ-Շըպըլի մահուան լուրը։
Շըպըլ նախորդ տարիներուն ընթացքին Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահութեան քաղաքական եւ տեղեկատուական գրասենեակի տնօրէնութիւնը ստանձնած էր, որմէ ետք Նախագահութեան մէջ անձնական խորհրդատուի պաշտօնը վարած էր։
Յիշենք, որ խորհրդատու Շըպըլ 2 Յուլիս, 2024-ին, Դամասկոսի ճամբուն վրայ ենթարկուեցաւ ինքնաշարժի մեծ արկածի մը, որուն պատճառով գլխուղեղի արիւնահոսութիւն ունեցաւ։
Սուրիոյ Հանրապետութեան Նախագահութիւնը իր խորին ցաւակցութիւնները յայտնեց հանգուցեալի ընտանիքին։