Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Շաբաթ, 29 Յունիս 2024-ին երեկոյեան ժամը 7:30-ին Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի շրջափակէն ներս տեղի ունեցաւ միջնակարգի ամավերջի հանդէսը։

Հանդիսութեան ներկայ էին՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Հոգշ. Տէր Զաւէն Վրդ. Նաճարեան, Հոգշ. Տէր Կոմիտաս Վրդ. Տատաղլեան, Ազգ. երեսփոխանական ժողովի եւ Ազգ. Վարչութեան, բարեսիրական, մարզական միութիւններու ներկայացուցիչներ, Ճեմարանի խնամակալութիւնը, տնօրէնութիւնը եւ ուսուցչական կազմը։

Հանդէսը բաց յայտարարուեցաւ ու ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին նահատակներուն յիշատակը։ Երգչախումբը հանդէսին բացումը յայտարարեց Սուրիոյ եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներով։
Հայերէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ Փաթիլ Շաթոյեան, որ ըսաւ. «Թէեւ միջնակարգի ուսումնական եռամեայ շրջանը լի էր դժուարութիւններով, խոչընդոտներով ու մարտահրաւէրներով, սակայն մենք, որպէս ուսումնատենչ ճեմարանականներ, ամրակուռ շարքերով եւ վճռական քայլերով դիմադրեցինք ու շարունակեցինք մեր ուսման երթը։ Իսկ մեր ապրած այս դժուարին պայմաններուն մէջ Ճեմարանը իր հզօր հովանիին տակ առնելով մեզի՝ կառչած մնաց իր սրբազան առաքելութեան։ Հայ ազգի վսեմ վահանին՝ Ա.Ք.Ե. Ճեմարանին մէջ գիտութեան ու դաստիարակութեան կողքին կը կերտուին աշակերտին նկարագիրն ու ինքնութիւնը, որուն իբրեւ արդիւնք՝ ապագայ յանձնառու ու քաղաքակիրթ հայ անհատը»։ Արաբերէն բացման խօսք արտասանեց Մինաս Ժոզէֆ Գալայճեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ճեմարանի խնամակալութեան, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին, որոնք ամէն ջանք ի սպաս դրին ապագայ խոստմնալից սերունդներ պատրաստելու համար։

Հանդէսը նուիրուած էր հայ մշակոյթի երկու հանճարներուն՝ Կոմիտաս Վարդապետին եւ Պարոյր Սեւակին։

Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի 9-րդ կարգի երգչախումբը յաջորդաբար ներկայացուց փունջ մը հայերէն եւ արաբերէն երգեր, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Ռուզան Պարսումեանի։
Երգչախումբէն ետք, խումբ մը շրջանաւարտներ ներկայացուցին աշխարհահռչակ երաժիշտ Կոմիտաս Վարդապետի կեանքն ու անգնահատելի ստեղծագործութիւնները։ Ապա
շրջանաւարտներ հանդէս եկան խմբային արաբերէն եւ հայերէն ասմունքներով։

Միջնակարգի շրջանաւարտ սերունդին կողմէ արաբերէն ուղերձ ընթերցեց Սանտրա Պապիկ, որ շեշտեց Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի ունեցած ազդեցութիւնը աշակերտներուն նկարագրի կազմաւորման վրայ, իսկ Հայերէն ուղղերձով Մարիա Բրդոյեան ըսաւ. «Մենք հպարտ ենք ճեմարանականի կոչումով եւ երախտապարտ հիմնադիրներուն, բարերարներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք տարիներ շարունակ անդուլ կ’աշխատին վարժարանիս վերելքին, ծաղկումին եւ անոր լուսաւոր ջահը վառ պահելու համար»։
Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տնօրէնուհի Զեփիւռ Րէիսեան իր սրտի խօսքը շրջանաւարտներուն փոխանցելէ ետք, ընթերցեց 2023-2024 տարեշրջանի ուսումնակրթական տեղեկագիրը եւ ներկայացուց աշակերտներուն ձեռքբերումները։

Ամէն տարի Ճեմարանի Շրջ. Միութիւնը կը պարգեւատրէ միջնակարգի երեք կարգերու առաջնակարգ աշակերտները։ Արդարեւ տնօրէնուհիին եւ Շրջ. Միութեան անդամ Շահէ Տէր Արթինեանի ձեռամբ նախ պարգեւատրուեցան 2022-2023 ուսումնական տարեշրջանի 9-րդ կարգի պետական քննութեանց առաջնակարգ երեք աշակերտները՝ Սեւակ Թաթոյեան (առաջին), Ալեքս Արամեան (երկրորդ), Թամար Իփճեան (երրորդ)։
7-րդ կարգէն պարգեւատրուեցան՝ Գառնի Քէլաղայեան (առաջին), Սիրուն Աւետիքեան (երկրորդ), Լիանա Ասատուրեան (երրորդ)։
8-րդ կարգէն պարգեւատրուեցան՝ Ալինա Գրիգորեան (առաջին), Բալիկ Մարգէեան (երկրորդ), Գառնի Գազանճեան (երրորդ)։

Հասաւ սպասուած պահը, բեմ բարձրացան 2023-2024 տարեշրջանի միջնակարգի շրջանաւարտները՝ սրբազան հօր ձեռամբ իրենց վկայականները ստանալու համար։ Միեւնոյն ատեն հայերէնագիտութեան մէջ առաջնակարգ ուսանողները տնօրէնութեան կողմէ գովասանագրերու արժանացան։

Օրուան եզրափակիչ պատգամը տուաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, որ յայտնեց թէ իւրաքանչիւր ծնողքի համար հպարտութիւն է տեսնել իր զաւակը նոր գագաթ նուաճած, ապա գնահատեց գեղարուեստական յայտագիրը, որ գլխաւորաբար կը ներկայացնէր Մեծն Կոմիտասի եւ Պ. Սեւակի գործերը՝ բարձր արժեւորելով երկու տիտաններուն զոհողութիւնը եւ ունեցած մեծ դերն ու հետքը պատմութեան էջերուն մէջ։
Սրբազամ հայրը շեշտեց, թէ իրենց մահուընէ դար մը անցնելով մէկտեղ, այսօր աւելի կենդանի են բաղդատմամբ իրենց ապրած ժամանակաշրջանին եւ այս մէկը կ՛արտացոլուի յաճախ կրկնուած ասմունքներու եւ երգերու ընդմէջէն։ Սրբազան հայրը բարձր գնահատեց նաեւ Ճեմարանի մեծ ընտանիքին կողմէ 4 տարուած բոլոր աշխատանքները եւ անոնց առաքելութիւնը հայապահպանման առնչութեամբ, ապա շնորհաւորեց շրջանաւարտները անոնց յարատեւ վերելք մաղթելով։

Հանդէսը փակուեցաւ Ճեմարանի քայլերգով, կատարողութեամբ երգչախումբին, ապա սրբազան հօր «Պահպանիչ» աղօթքով։

Հանդէսէն ետք ներկաները հիւրընկալուեցան «Տիգրանեան» պարտէզ, ուր տեղի ունեցաւ այս առիթով պատրաստուած կարկանդակին հատումը։

Արփի Արապանեան