Սուրիոյ Խորհրդարանական ընտրութիւններու ազգի միասնական թեկնածու փաստաբան Մարիա Գաբրիէլեան, ընկերակցութեամբ ընտրական կեդրոնական մարմնի անդամներուն, հանդիպում ունեցաւ Կրթասիրաց Մշակութային Միութեան Հոգաբարձութեան հետ։
Հանդիպումին քննարկուեցան հալէպահայ համայնքը յուզող գլխաւոր հարցերն ու մտահոգող խնդիրները։
Կրթասիրաց Մշակութային Միութեան Հոգաբարձութիւնը իր զօրակցութիւնը յայտնեց ազգի թեկնածուին եւ ջերմագին բարեմաղթանքներ հաղորդեց։