Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարանը իր 100-ամեայ էջին վրայ արձանագրեց յաղթանակի օր մը եւս, դարձեալ ազգին նուիրելով ուսումնատենչ սերունդ մը, որ կոչուելով «100-Ամեակի Սերունդ» հպարտ եւ հաստատ քայլերով պիտի շարունակէ վառ պահել քեսապահայութեան լուսաւոր ջահը։

27 Յունիս 2024- ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ 9֊րդ եւ 12-րդ կարգերու ամավերջի հանդէսն ու վկայականաց բաշխումը «Սարդարապատ» սրահէն ներս` հովանաւորութեամբ եւ հանդիսապետութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ.Արք.Աշգարեանի, որուն հովանիին ներքեւ Ճեմարանը կը շարունակէ իր հայակերտումի եւ մարդակերտումի ազգանուէր առաքելութիւնը, կազմակերպութեամբ ճեմարանի հոգաբարձութեան եւ տնօրէնութեան։

Հանդէսին Ներկայ էին Ազգային վարչութեան անդամ Արմէն Գասպարեան, Քեսապի հոգեւոր տեսուչ Հոգեշնորհ Հայր Եսայի վրդ. Էօրտէքեան, Հայ Կաթողիկէ Ս. Միքայէլ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գերապատիւ Հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեան, Պատուելի Շանթ Ակիշեան, թեմի Ազգ.Երեսփոխանական ժողովի անդամ Նշան Լնդեան,
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Կարօ Մանճիկեան, Պատկան Մարմինի, թաղականութեան եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, ուսուցիչներ եւ քեսապահայ հոծ բազմութիւն։

Սուրիոյ, Հայաստանի եւ ճեմարանի քայլերգներէն ետք, հանդիսավար Լուսին Քիւրքճեան հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու բոլոր նահատակներուն եւ կրթական մշակներուն անմահ յիշատակը։
Հայերէն եւ արաբերէն բացման խօսքերով բեմ բարձրացան ԺԲ. կարգի աշակերտուհիներ Շողիկ Գաթապեան եւ Լոռի Մալաթջալեան, որոնք յայտնեցին իրենց սէրն ու երախտագիտութիւնը ճեմարանին, անոր առաջնահերթ առաքելութեան՝ տէր կանգնելու արեւմտահայերէնին, սորվեցնելու իրերայաջորդ սերունդներուն հաւատարիմ մնալ իրենց ինքնութեան, դատին եւ վառ պահելու նահատակ գրագէտներու յիշատակն ու կտակը։ Երախտագիտութեան խօսք արտասանեցին երկրիս
վսեմաշուք նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ-Ասատին, շուտափոյթ եւ կատարեալ ապաքինում մաղթելով Առաջին Տիկնոջ Ասմա ալ-Ասատին։

Ժագ Յակոբեանի ոտանաւորներէն «Դպրո՛ցն Ահա…» ասմունքեց ԺԲ. կարգէն Գարլա Աթիքեան, իսկ «Այբենաշունչ»-ը Թ. Կարգէն Շաղիկ Չափարեան, Գառնի Անտրեան եւ Ծաղիկ Ղազարեան։

Գեղարուեստական յայտագիրը կ’ընդգրկէր նաեւ մեներգ՝ «Պինկէօլ» Ճորճ Ղազարեանի կատարողութեամբ (ԺԲ. Կարգ),
հայկական պար (ԺԲ. Կարգ) եւ խմբերգներ «Եկեղեցին Հայկական», «Հայորդիք» եւ «Հարի Հարալօ», որ երգուեցաւ հանդէսի աւարտին, վկայականի բաշխումէն առաջ ՝ ստեղծելով խանդավառ տօնական մթնոլորտ, հայր Եսայի Վրդ. Էօրտէքեանի ղեկավարութեամբ եւ նուագի ընկերակցութեամբ Եւա Պետրճիքեանի։

Թ. Կարգի գեղարուեստական յայտագիրը պատրաստուած էր դաստիարակ, անգլերէն լեզուի դասատու Նայիրի Կարճիկեան Մելքոնեանի, իսկ շրջանաւարտ դասարանինը՝ Երկրորդական
բաժինի կարգերու հայերէնաւանդ ուսուցչուհի Շողիկ Աշըգեանի կողմէ։

Թ. Կարգը «Հայ Դպրոց, Հայերէն Գիրք եւ Հայ Լեզու» խորագրով խմբական արտասանութեամբ մեծարեց հայ դպրոցը՝ անդրադառնալով անոր հիմնական դերակատարութեան հայ կեանքէն ներս որպէս հայակերտումի դարբնոց, ուր հայ սերունդներ հայկական արժէքներով եւ աւանդութիւններով կը շաղախուին։ «Հայ դպրոց եւ հայ եկեղեցի կառուցուած են ժայռի վրայ եւ մենք որպէս հայ ազգ կոչուած ենք կառչած մնալու եւ մեր կեանքը կազմակերպելու անոր շուրջ»:
Աշակերտները անդրադարձան հայերէն գիրքին արժէքին որպէս հայ ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան գանձարան եւ կոչ ուղղեցին պահելու հայ գիրն ու գրականութիւնը համաշխարհայնացման եւ նիւթապաշտութեան այս թոհուբոհին մէջ։ Անոնք շեշտեցին, որ հայ ժողովուրդը դարեր շարունակ ապացուցած է իր տոկունութիւնը: Ցեղասպանութեան ենթարկուելով եւ աշխարհով մէկ ցրուելով հանդերձ, օտար երկիրներու մէջ չէ կորսնցուցած իր հայու դիմագիծը։ Ան արարեր, ստեղծեր եւ սերունդէ սերունդ փոխանցեր է այն կարեւորագոյնը, որուն շնորհիւ կանգուն ենք մինչեւ օրս։

Իրենց բաժնի աւարտին, անոնք խոստացան, որ տէր են իրենց լեզուին, տէր են իրենց 100-ամեայ վարժարանին, որ պիտի մնայ յաղթական բերդ, պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը սերունդէ սերունդ՝ որպէս հայ դպրութեան ջահակիր ճեմարան։ Խմբական արտասանութեան զուգահեռ ցուցադրուող պատկերաշարի դասաւորումը կատարած էր Լուսին Քիւրքճեան։

Ճեմարանի տնօրէն Վարուժան Փանոսեան ընթերցեց 2023-2024 տարեշրջանի տեղեկագիրը եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն բարերարներուն եւ ազգանուէր մարդկանց , որոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս նեցուկ կը կանգնին ճեմարանի գոյատեւման եւ զարգացման։ Ապա պարոն տնօրէնը գնահատագիրներով եւ նիւթական նուէրներով պարգեւատրեց Միջնակարգի եւ Երկրորդականի հայերէնի դասանիւթի մէջ գերազանց հանդիսացած աշակերտ_աշակերտուհիները։ Նիւթական նուէրները տրամադրած էին ամերիկաբնակ քեսապցիներ՝ Վահան եւ Ծաղկան Սողոմոնեաններու զաւակները, իրենց ծնողքին յիշատակին։ Նոյն նուիրատուներու կողմէ գնահատուեցաւ ԺԲ. կարգի ուսողութեան դասանիւթին բարձրագոյն նիշ ապահոված աշակերտուհի Շողիկ Գաթապեան։

ԺԲ. Կարգը բեմ ներկայացաւ , Սրբազան պայքարի
խորհրդանիշ մանիշակագոյն վզաերիզով՝ այդպիսով յայտնելով իր գիտակից զօրակցութիւնը ճշմարտութեան յաղթանակի համար պայքարողներուն։
Ապա յարաշար պատկերով ներկայացուցին վարժարանի մէկ դարը ՝ ժամանակ_ցանք_լոյս գաղափարներու ընդմէջէն, ընտրուած համապատասխան բանաստեղծական տողերով ու պատմողական հատուածներով։ Ներկայացուցին Քեսապի ազգային կեանքը անցեալէն ներկայ եւ դէպի լոյս ապագայ։ Ժամանակի գաղափարով՝ ներկաները փոխադրեցին անցեալ, Քեսապի օրհնաբեր օրերուն ու բերրի արտերուն, որոնց մէջ մեր մեծ հայրերուն ցանած ցորենի հատիկներուն սերմերը կը ծլին մինչեւ օրս։ Յաջորդաբար շրջանաւարտուհիներ Գարլա Ղազարեան եւ Լարա Պետուրեան ոգեկոչեցին նախորդ սերունդներու(աշակերտներ եւ ուսուցիչներ) յիշատակը։ Խոստացան հաւատարիմ մնալ մեր նախնիներուն կտակած այս լոյսի տաճարին, որուն նշանաբանն է հաւատարմութիւն, գիտութիւն եւ նուիրում (Լոռի Մալաթջալեանի ներկայացումով)։
Բարտի Սօնա-Լնդեան իր մեղմ եւ թովիչ ձայնով հմայեց հանդիսատեսը մեներգելով «Երգիր,Արա’քս»-ը եւ ապա խորհրդանշական հարցադրումներով եւ պատմումով հաւաստիացուց որ ճեմարանը անկասկած պիտի շարունակէ իր գոյերթը դար մը եւս։
Մէյրի Ինճեճիկեան իր պատմողական համով հոտով ոճով եւ բեմական համարձակութեամբ հեքիաթներու վերջաւորութեան նմանողութեամբ երկինքէն ինկող երեք խնձորներուն ալ տէրը նկատեց իր սերունդը՝ Ճեմարանի հիմնադիրներուն, վարժարանը պահող սերունդներուն արժանաւոր ժառանգորդը։
Լոռի Մանճիկեանի քեսապերէն խօսքով շրջանաւարտները խոստացան հաւատարիմ մնալ եւ տէր կանգնիլ Քեսապի բարբառին՝ զայն խօսելով եւ իբրեւ ժառանգ փոխանցելով յաջորդ սերունդներուն։

Լոռի Մալաթջալեան իբրեւ լրագրող ներկայանալով, ճեմարանի՝ Սուրիահայ գաղութի առաջին երկրորդական ազգային վարժարանի, հիմնադրութիւնը եւ բացումը 13 Հոկտ. 1924-ին, Ժողովրդային գրադարանի շէնքին վերնայարկին մէջ, 17 աշակերտ աշակերտուհիներով, ներկայացուց իբրեւ ներկայ, նոյն օրը տեղի ունեցող իրողութիւն։

Անցեալը խորհրդանշական կերպով ներկային զուգորդող պատկերով հիմնադիր սերունդի կողմէ շրջանաւարտներուն ուղղուած պատուէրները բեմ հասցուց այս տարեշրջանին Մանկապարտէզը աւարտած փոքրիկն Լիլիթ Գաթապեան, որուն փոխադարձաբար փոխանցուեցաւ Ճեմարանի խորհրդանշական կանթեղը՝ սերունդներու միջեւ յաջորդականութեան կապը հաստատող խորհուրդով։ “Հասած” պատուէրները համահունչ էին հայրենական կեանքի մէջ հնչող Սրբազան Պայքարի արժէքներուն։
Իւրաքանչիւր շրջանաւարտ ընթերցեց մէկ պատուէր, ապա միասնաբար վկայակոչեցին այն, որ Ճեմարանը իրենց մէջ սերմանած է բոլոր այդ արժէքները, որոնց իրենք հաւատարիմ պիտի մնան։ Ապա անոնք յաղթանակի խորհրդանիշ դափնեթագ դրին իրենց գլխուն եւ նման յաղթական աւարտով ալ փակեցին գեղարուեստական յայտագրի իրենց բաժինը։

Տեսերիզով (պատրաստուած շրջանաւարտուհի Մէյրի Ինճեճիկեանի կողմէ) ներկայացուեցան շրջանաւարտներուն հրաժեշտի խօսքերը՝ իրենց ուսման տարիներու քաղցր յուշերու անդրադարձով։

Իրենց հայերէնաւանդ ուսուցչուհիին առաջնորդութեամբ հպարտանքի եւ յուզումնախառն զգացումներով բեմ բարձրացան շրջանաւարտ_ շրջանաւարտուհիներն ու Թ. կարգէն վկայուողները՝ ստանալու իրենց վկայականները։ Տնօրէնի կողքին զանոնք դիմաւորեցին վաստակաշատ ուսուցչուհիներ Զեփիւռ Գարայեան Պուճիքեան եւ Մարօ Աշըգեան Քորթմոսեան, որ հնչեցուց շրջանաւարտներու համար իրենց դպրոցական տարիներու վերջին զանգը։ Ապա, Ճեմարանի տնօրէն Վարուժան Փանոսեան բեմ հրաւիրեց Սրբազան հայրը եւ հոգաբարձութեան ատենապետ Նշան Լնդեանը կատարելու վկայականաց բաշխումը։

Շրջանաւարտ Լուսի Սաղտճեան իր հրաժեշտի խօսքին մէջ արտայայտեց իր սէրն ու երախտագիտութիւնը ճեմարանի հոգաբարձութեան, տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ ծնողներուն, որոնք մեծ զոհողութիւններ ստանձնելով ջանք չխնայեցին նեցուկ կանգնելու եւ քաջալերելու իրենց ուսման տարիներու երթը։ Ան շեշտեց, որ ճեմարանը անփոխարինելի դերակատարութիւն ունի հայ մարդ պատրաստելու աշխատանքին մէջ, եւ Վեհափառ հօր «Մարդուժի Պատրաստութեան Տարի» հռչակումով ճեմարանը առաւել եւս պիտի շարունակէ հաստատ մնալ իր առաքելութեան դէպի նոր 100 ամեակ։

Սրբազան հայրը շնորհաւորեց շրջանաւարտները իրենց ձեռքբերած այս յաղթանակին համար։ Իր մաղթանքն ու թելադրանքն էր գիտակցութեամբ կառչած մնալ բոլոր այն երախտագիտական խօսքերուն եւ արտայայտութիւններուն, որ շրջանաւարտները որպէս պատգամ փոխանցեցին, իրենց հայրենիքին, ազգին, եկեղեցւոյ, հոգեւոր, կրօնական, ազգային եւ մշակութային արժէքներուն։ Ան յորդորեց խօսքերը վերածել գործի, որովհետեւ Խօսքի եւ գործի ներդաշնակութիւնն է, որ մարդը կ’առաջնորդէ յաջողութեան։

Ան ըսաւ.« Ձեր արտասանած խօսքերուն մէջ յիշեցիք գիտութիւն, հաւատարմութիւն եւ նուիրում, երեք եզրեր են որոնցով մարդը որպէս մարդ կը ճանչցուի , երեք սկզբունքներ՝ որ մեր ազգային շրջագիծին մէջ զայն ծառայութեան կը կոչեն։ Այս սկզբունքները ձեր մէջ միշտ գագաթնակէտի վրայ ըլլայ, բարձրագոյն աստիճանի գիտակցութեամբ ձեզ յղկէ որպէսզի դուք ալ ձեր կարգին ձեր ներդրումը բերէք»։ Սրբազան հայրը անդրադարձաւ երախտագիտութեան արտայայտութիւններուն ուղղուած Սուրիական հայրենիքին, անոր խոհեմ նախագահին, բանակին եւ բոլոր անոնց որոնք կը հսկեն այս երկրի պաշտպանութեան, զարգացման եւ յառաջընթացին։ Ան խրախուսեց ժողովուրդը աղօթել մեր ղեկավարներուն համար, որ Աստուածային իմաստութեամբ լեցուած իրենց
ծրագիրները ի գործ դնեն, որպէսզի յաջողութեամբ պսակուին։

Սրբազան հօր «Պահպանիչ» աղօթքով եւ օրհնութեամբ հանդիսութիւնը հասաւ իր աւարտին։

Ամավերջի հանդէսի յաղթանակի ուրախութիւնը շարունակուեցաւ խրախճանքով Քեսապ համալիրի ճաշարանէն ներս, ներկայութեամբ Սրբազան հօր, պատուոյ հիւրերուն, ճեմարանի անձնակազմին, ծնողներուն եւ հարազատներուն։
Մանկապարտիզպանուհի Դալար Թութիկեան բարի գալուստի խօսքով շնորհաւորեց ծնողներն ու շրջանաւարտները եւ մաղթեց որ հպարտ հայու հոգիով եւ առաքելութեամբ շարունակեն իրենց բարձր ուսումը հաւատարիմ մնալով իրենց նախահայրերուն կտակին, ծառայելով ազգին ու հայրենիքին։ Ան ըսաւ.«Բոլորս կը հաւատանք որ 100 տարիներ առաջ հիմնուած այս կրթօճախը տակաւին շատ հայ երիտասարդ֊ երիտասարդուհիներ պատրաստելու պատասխանատուութիւնը կը
կրէ իր ուսերուն։ 100-ամեայ մեր դարբնոցը իր փառաւոր անցեալով եղած է ու կը մնայ լուսատու փարոս մը գիտութեան եւ անառիկ ամրոց մը ազգապահպանումի»: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց հոգաբարձութեան, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին, որոնց նուիրական աշխատանքով է որ ճեմարանը կը գոյատեւէ եւ կը բարգաւաճի։

Մեծ խանդավառութեամբ շրջանաւարտները կատարեցին կարկանդակի հատումը։ Սրբազան հօր օրհնութենէն եւ մեկնումէն ետք, հայերէն երգով ու պարով ներկաները վայելեցին ուրախութեան ճոխ մթնոլորտ։

Խրախճանքի աւարտին, հոգաբարձութեան ատենապետ Նշան Լնդեան բարձր գնահատեց ուսուցչակազմին կատարած նուիրական գործը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք աշխատեցան հանդէսի պատրաստութեան եւ յաջողութեան համար։ Ան շնորհաւորեց շրջանաւարտներն ու իրենց ծնողները, մաղթելով բարձր նուաճումներ եւ յարատեւ վերելք։

Բարի երթ եւ դալար ճանապարհ մեր բոլոր շրջանաւարտներուն։

Նայիրի Կ. Մելքոնեան