Սուրիոյ Կրթութեան Նախարարութիւնը հաղորդեց, որ պաքալորիայի բոլոր բաժիններու պետական քննութիւններուն արդիւնքը պիտի հրապարակուի վաղը՝ Կիրակի, 7 Յունիսի առաւօտեան ժամը 10։00ին։

Քննութիւններու երկրորդ՝ լրացուցիչ փուլը պիտի սկսի 25 Յուլիսին եւ գրական բաժինի պարագային շարունակուի մինչեւ 6 Օգոստոս, իսկ գիտական բաժինի պարագային մինչեւ 8 Օգոստոս։