Իրանի նախագահական արտակարգ ընտրութիւններու երկրորդ փուլին յաղթած է ռեֆորմիստական թեւի ներկայացուցիչ Մասուտ Փեզեշքեանը։
«Փեզեշքեան, որ Ուրբաթ օրը տեղի ունեցած ընտրութիւններուն հաւաքած էր ձայներու մեծամասնութիւնը, Իրանի յաջորդ նախագահն է», – «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ յայտարարած է Իրանի Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը:
Փեզեշքիան ընտրութիւններու երկրորդ փուլին ստացած է աւելի քան 16 միլիոն ձայն, իսկ անոր մրցակից՝ պահպանողական թեւի ներկայացուցիչ Սաիտ Ճալիլին՝ աւելի քան 13 միլիոն, յայտարարած են ընտրական յանձնաժողովէն:
Երկրորդ փուլին, ընտրողներու արդիւնքը կազմած է գրեթէ 50 տոկոս։