Սուրիոյ Խորհրդարանական ընտրութիւններու ազգի միասնական թեկնածու փաստաբան Մարիա Գաբրիէլեան, ընկերակցութեամբ ընտրական կեդրոնական մարմնի անդամին, հանդիպում ունեցաւ «Սաէխաթ Ուաթան» صرخة وطن խմբակցութեան հետ:
Խմբակցութեան անդամները լրջախոհութեամբ եւ հարցերու վերլուծման իրատեսական մօտեցումով թեկնածուին հետ քննարկեցին քաղաքացիները յուզող բազմաթիւ , հարցեր, ի մասնաւորի կեդրոնանալով կրթական բնագաւառին (ուսումնական ծրագրեր, դաստիարակութեան համակարգեր, կրթութեան կերպեր, եւ այլն), ծառայողական ոլորտին, կենցաղային հարցերու եւ յարակից հարցերու վրայ:
Խմբակցութիւնը բարեմաղթութիւններ յայտնեց թեկնածուին՝ իր աշխատանքներու հեզասահ ընթացքին ու յաջողութեան համար, այնուհետեւ իրավիճակի բարեփոխման ի խնդիր գործակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնեց: