Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ շնորհաւորագիր յղեց Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Մասուտ Պեզեշքեանին, որուն մէջ յայտնեց. «Կը շնորհաւորեմ ձեզ Իրանի ժողովուրդին կողմէ ձեզի ցուցաբերուած վստահութեան առիթով։ Կը շնորհաւորեմ նաեւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը եւ ժողովուրդը, որոնք յաջողութեամբ պսակեցին նախագահական ընտրութիւններու գործընթացը»։
Նախագահ Ասատ յաջողութիւն, ուժ եւ կորով մաղթեց նորընտիր նախագահին՝ Իրանի խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը պահպանելու իր առաքելութեան մէջ։
Նախագահը աւելցուց. «Իրանի հզօր պետութիւնը ամենակարեւոր պետութիւններէն է, որուն հետ նախանձախնդիր ենք մեր յարաբերութիւնները լաւագոյն մակարդակի հասցնելու, որովհետեւ Սուրիա-Իրան յարաբերութիւնները պատմական արմատներ ունին եւ հիմնուած են փոխադարձ յարգանքի եւ կայուն սկզբունքներու վրայ»։
Նախագահ Ասատ եզրափակելով ըսաւ. «Միասնաբար պիտի աշխատինք Սուրիա-Իրան ռազմավարական յարաբերութիւնը աւելի ամրակուռ դարձնել եւ գործակցութեան հորիզոնները ընդլայնել։ Համոզուած ենք, որ Դիմադրութիւնը պիտի մնայ միացեալ այն ուղին, որմով մեր երկիրներուն արժանապատուութիւնն ու մեր ժողովուրդներուն շահերը պիտի պահպանենք»։