Սուրիա բարձր գնահատեց Հայաստանի կողմէ Պաղեստինի Պետութեան ճանաչումը` հաստատելով, որ այս որոշումը կը նպաստէ Պաղեստինի ժողովուրդին օրինական իրաւունքներու վերատիրացման:

Սուրիոյ Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը յայտարարութեամբ յայտնեց. «Սուրիա կը հաստատէ, որ այս յանդուգն որոշումը կը նպաստէ պաղեստինցիներու օրինական ձգտումներուն՝ հիմնելու իրենց անկախ պետութիւնը` Երուսաղէմ մայրաքաղաքով»:

Հաղորդագրութեան մէջ Սուրիա կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին միջոցներու ձեռնարկելու՝ դադրեցնելու Իսրայէլի յարձակումն ու ծաւալապաշտութիւնը եւ սատարելու Պաղեստինի ժողովուրդին՝ վերատիրանալու իր իրաւունքներուն։