«ԴԺՈԽՔԷՆ ԴՐԱԽՏ»
Հայոց Ցեղասպանութեան եւ կամաւորական բանակի վերաբերեալ Արմենակ Անդրանիկեանի յուշագրութիւնը՝ «Դժոխքէն Դրախտ» վերնագրեալ, լոյս կը տեսնէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի տպարանէն։ Հատորին խմբագիրն է Վազգէն Ղուկասեան։
Խմբագրական նշումներուն մէջ Ղուկասեան կը գրէ, որ գիրքը պատումն է Անդրանիկեանի կեանքի առաջին երեք տասնամեակներուն (1893-1920) եւ կարեւոր վկայութիւն է նախքան ցեղասպանութիւնը Կարնոյ Քղի գաւառի աւելի քան 30 գիւղերուն կենցաղին, քիւրտերու կողքին ապրող հայերու, ցեղասպանութեան մէջ քիւրտերուն դերակատարութեան եւ Կարին-Էրզրում ինքնապաշտպանութեան մասին։ 15 գլուխներէ բաղկացած հատորը ունի նաեւ երկու քարտէս եւ Անդրանիկեանի ձգած անձնական արխիւէն որոշ լուսանկարներու եւ վաւերագիրներոն պատճէններ։
ԱՐԵՒԱԳԱԼԻ ԵՒ ՀՍԿՈՒՄԻ ԺԱՄԱԳԻՐՔԻՆ Ե. ՏՊԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ
Իսկ հրամանաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ ի յիշատակ տիրամայր Լուսին Սարգիսեանի, նոյն տպարանէն լոյս կը տեսնէ մեր եկեղեցւոյ առաջին Ս. Հայրերուն ձեռքով կարգաւորուած եւ Ս. Ներսէս Շնորհալիի կողմէն ճոխացած արեւագալի եւ հսկումի Ժամագիրքը։ Սոյն գործին աշխարհաբարի վերածումը կը պատկանի լուսահոգի Զարեհ Եպս. Ազնաւորեանի։