Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Կիրակի, 30 Յունիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին Կիլիկեան Ճեմարանի շրջափակէն ներս տեղի ունեցաւ Կիլիկեան Ճեմարանի Միջնակարգի եւ Երկրորդականի աւարտական հանդէսը:

Հանդիսութեան ներկայ էին ՍԴ ՀԿ Հիւսիսային Շրջանի Վարիչ Մարմնի ատենապետ Աւօ Խոշաֆեան եւ անդամք, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. վարչութեան ներկայացուցիչներ, ՍԴՀԿ Բաղկացուցիչ Միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ Together հաստատութեան տնօրէն Տէր եւ Տիկ. Յակոբ Յակոբեան։

ՀՄՄ-ի փողերախումբի Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներուն նուագով սկիզբ առաւ յայտագիրը։ Հայերէն բացման խօսք արտասանեց ԺԲ. կարգէն Աննա Մարիա Խոշաֆեան, իսկ արաբերէն՝ Սարգիս Աւետեան։

Գեղարուեստական յայտագիրով աշակերտները հանդէս եկան ասմունքներով, նուագներով եւ խմբային երգերով:

Ապա աշակերտները հանդէս եկան խմբային հայերէն ասմունքներով, երգերով եւ պարերով նուիրուած Հայ մեծ բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեանի ծննդեան 105-ամեակին։

Վարժարանի տնօրէնուհի Արփի Օհանեան ներկայացուց տնօրէնութեան խօսքը եւ պարգեւատրեց հայերէն լեզուի գնահատագիր ստացած աշակերտները:
«Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»-ի շքանշանով գնահատուեցաւ վարժարանիս բոլոր ուսման տարիներուն հայերէն լեզուի գերազանց գնահատանք ստացած աշակերտուհի Աննա Մարիա Խոշաֆեանը:

Տնօրէնուհին բեմ հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազան հայրը վկայանաց բաշխումը կատարելու եւ իր սրտին խօսքը ուղղելու շրջանաւարտ աշակերտներուն:

Հանդէսը աւարտին հասաւ սրբազան հօր օրհնութեամբ եւ Կիլիկեան ճեմարանի քայլերգով: