Մինչեւ 2024-ի աւարտ, Պաքուի վերահսկողութեան տակ անցած Արցախի
տարածքին մէջ ապօրինաբար պիտի բնակեցուի շուրջ 20.000 ատրպէյճանցի։

Բնակեցման մտադրութեան մասին Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած Շուշիի մէջ կատարուող թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան նիստին յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ։

Ան յայտնած է, որ Բերձորի, Շուշիի, Խոջալուի եւ Արցախի չորս գիւղերու բռնագրաւումէն ի վեր այնտեղ մշտական բնակութեան ապօրինաբար տեղափոխուած է 8.000 ատրպէյճանցի