Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի 2023-2024 տարեշրջանի 12-րդ կարգի ամավերջի հանդէսը նուիրուած էր մեծանուն բանաստեղծ Մուշեղ Իշխանի եւ համաշխարհային համբաւ վայելող երգահան Շառլ Ազնաւուրի: Շրջանաւարտ սերունդը, որ կը հաշուէր 56 աշակերտ-աշակերտուհի, կոչուեցաւ Մուշեղ Իշխանի անունով:
Հանդէսը կը հովանաւորէր Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Մակար Սրբ․ Արք․ Աշգարեան։
Արդարեւ Շաբաթ, 6 Յունիսին հանդէսը տեղի ունեցաւ Ճեմարանի շրջափակէն ներս։ Բացումը կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի հանրապետութիւններու զոյգ քայլերգներով, ապա ժողովուրդը հրաւիրուեցաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու նահատակներուն յիշատակը:
Շրջանաւարտ Յովիկ Տաղտաղլեան արտասանեց արաբերէն բացման խօսքը, որուն մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցիչներուն եւ տօրէնութեան, ապա անդրադարձաւ գիտութեան կարեւորութեան, դիտել տալով որ գիտութիւնն ու կրթութիւնը կը կերտեն մարդը:
Հայերէն բացման խօսք արտասանեց շրջանաւարտ Մայք Գեւոյեան, որ շեշտեց հայ մշակին եւ դպրոցին կարեւորութիւնը հայ մարդու հոգեմտաւոր կազմաւորման մէջ, ապա դիտել տուաւ, որ նոր սերունդը իր ուսումնական նուաճումներուն զուգահեռ պէտզ է տէր կանգնի իր ազգային եւ մշակութային արժէքներուն, որովհետեւ անոնք իր դիմագիծը կը զատորոշեն։
Գեղարուեստական յայտագիրը սկսաւ շրջանաւարտներու երգչախումբով, գեղ․ ղեկավարութեամբ Ռուզան Պարսումեանի։
Երգչախումբը իր ելոյթը սկսաւ Մուշեղ Իշխանի դպրոցական քայլերգով, ապա հրամցուց փունջ մը ազգային եւ հայրենասիրական երգեր:
Գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ Մ. Իշխանի բանաստեղծութիններով, ինչպէս՝ «Մեր Տունը», «Վաղուան Տունը», զորս ասմունքելով շրջանաւարտները յայտնեցին, որ իւրաքանչիւր մարդու տարրական իրաւունքն է տուն ունենալը, իսկ այսօր Արցախի ժողովուրդը զրկուած է անկէ։
Ապա կարգ մը շրջանաւարտներ ասմունքեցին արաբերէն բանաստեղծութիւն՝ որպէս զօրակցութիւն Պաղեստինի եղբայր ժողովուրդի պայքարին:
Գեղարուեստական յայտագիրը կ՛ընդգրկէր նաեւ հայկական նազ պար եւ երաժշտական ելոյթներ:
Արաբերէն ուղերձը արտասանեց շրջանաւարտ Աննա Պետրոսեան, անդրադառնալով այն 4 կանթեղներուն, զորս բոցավառած էին ուսուցիչները, տնօրէնութիւնը, ծնողները եւ սուրիական բանակը ու սերունդը այդ կանթեղներուն լուսաւորած ուղիէն ընթացաւ հասնելու յաջողութեան եւ կերտելու իր փայլուն եւ անվտանգ ապագան։
Հայերէն ուղերձով Արէն Խրոյեան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն եւ կրթական մշակներուն՝ իրենց քաջալերանքին եւ մշտական օգնութեան համար, ապա ճեմարանի կարեւորութեան անդրադառնալով ըսաւ, որ ուսումնակրթական այս հայաբոյր օջախը կը լուսաւորէ միտքերը, կը կերտէ խոստմնալից եւ ուժեղ նկարագրի տէր հայ երիտասարդներ։
Ճեմարանի տնօրէն Զեփիւռ Է․ Րէիսեանի ընթերցած ուսումնակրթական տարեկան տեղեկագիրը լուսարձակի տակ կ՛առնէր Ճեմարանի կրթական կեանքը, ուսուցչական կազմին պատկերը, վարժարանէն ներս տեղի ունեցած իրադարձութիւնները, աշակերտներուն նուաճումները եւ այլն, միեւնոյն ատեն կ՛ընդգծէր երկրի ծանր պայմաններուն մէջ Ճեմարանին դիմագրաւած դժուարութիւնները։ Տնօրէնութեան տեղեկագիրէն ետք, Րէիսեան ըսաւ․ «Այսօր ծնողք և դպրոց գործակցաբար բեմ բարձրացուցինք 6 տարուան աշխատանքի արգասիքը, հովանաւորութեամբ սրբազան հօր եւ Ազգ. Իշխանութեան», ապա տնօրէնուհին շնորհակալութիւն յայտնեց տարբեր գաղութներու մէջ գտնուող Ճեմարանի Շրջաւարտից Միութեան մասնաճիւղերուն եւ վարչութիւններուն, որոնք տարուան ընթացքին իրենց նիւթական եւ բարոյական ներդրումը բերին Ճեմարանին:
Այնուհետեւ Րէիսեան բեմ հրաւիրեց Ազգ․ Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան Վարչութեան ատենապետուհի Հուրի Տիլպէրեանը, միութեան կողմէ պարգեւատրելու ուսումնական այս տարեշրջանի 10-րդ եւ 11-րդ կարգերու եւ նախորդ տարուան 12-րդ կարգի աշակերտները։ Անոնք էին․
10-րդ կարգ՝
1) Սեւակ Թաթոյեան
2) Սելինա Երէցեան և Արամ Արամեան
3) Սերլի Մկրտիչեան
11-րդ կարգ գիտական՝
1) Նանոր Լախոյեան
2) Շողակ Խրոյեան
3) Արփի Արապանեան
11-րդ կարգ գրական՝
1) Սելա Ասթարճեան
2) Լիլիթ Սարգիսեան
Նախորդ տարուան 12-րդ կարգ,գիտական՝
1) Արէգ Արոյեան
2) Աննա Սաղպազարեան
3) Ներսէս Գասապեան
Նախորդ տարուան 12-րդ կարգ, գրական՝ 1) Թալին Պէպէճեան
2) Անահիտ Միխսեան
3) Ճորճ Ալաճաճեան
Հայերէնագիտութեան մէջ վերջին երեք տարիներուն բարձրագոյն նիշեր ապահոված ըլլալու համար «Մկրտիչ Մկրտիչեան» մրցանակով պարգեւատրուեցան հետեւեալները՝
1) Արէն Խրոյեան եւ Աննա Պետրոսեան
2) Յովիկ Տաղտաղլեան
3) Մարի Ռօզ Քէօշկէրեան
Օրուան բեմավար, 12-րդ կարգի դաստիարակ Ներսէս Պարսումեան բեմ հրաւիրեց սրբազան հայրն ու տնօրէնուհին, ապա նաեւ շրջանաւարտները՝ վկայականաց բաշխման արարողութեան։
Վկայականներուն կողքին Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Շրջ․ Վարչութեան կողմէ պարգեւատրուեցան 12-րդ կարգի հայերէնագիտութեան նիւթին մէջ գերազանց արդիւնքներ ապահոված շրջանաւարտները։
Պահը տպաւորիչ էր, շրջանաւարտները ուսումնական կարեւոր փուլ մը բոլորած ըլլալու բերկրանքը կ՛ապրէին։
Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը իր եզրափակիչ պատգամով նախ շնորհաւորեց շրջանաւարտները եւ ապա լուսարձակի տակ առաւ ճեմարանի մարդակերտման առաքելութիւնը։
Մակար սրբազան շրջանաւարտները յորդորեց աշխատասիրութեամբ, յոյսով եւ պայքարի ոգիով շարունակելու իրենց ուսումը եւ կառչած մնալու եկեղեցւոյ, կրօնքին, ազգին ու հայրենիքին:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ Ճեմարանի քայլերգով եւ սրբազան հօր «Պահպանիչ» աղօթքով։
Ու հնչեց վերջին զանգը․․․։
Համազասպ Շաքարեան