Զինուորական աղբիւր մը յայտնեց, որ Պանիասի շրջակայքը գտնուող զինուորական կէտ մը Իսրայէլի օդային յարձակումին թիրախը դարձաւ Երեքշաբթի 9 Յուլիսի կէս գիշերին, ժամը 00։20-ին, որուն հետեւանքով նիւթական վնասներ արձանագրուեցան։

Աղբիւրին համաձայն, Իսրայէլ հրթիռները ուղղած էր Միջերկրականի ուղղութենէն դէպի Պանիասի արեւմտեան շրջան՝ թիրախ դարձնելով տեղւոյն զինուորական կէտերէն մին։