Յառաջիկայ Երկուշաբթի տեղի ունեցող Սուրիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն հայ համայնքի թեկնածուն է Մարիա Գաբրիէլեան:

Հաւանաբար ընթերցողը հարց տայ, թէ սուրիական ոչ մէկ արմատ ունեցող այս մարդը Ֆրանսա նստած ի՛նչ շահագրգռութիւն ունի այս տողերը գրելու:

Պարզեմ: Երկրագունդի ո՛ր անկիւնը ուր հայութեան հաւաքական շահերուն ի խնդիր հայ մը յանձնառութիւն կը վերցնէ, բնականաբար կը վայելէ բոլորիս զօրակցութիւնը: Մարիա Գաբրիէլեանի պարագային տակաւին կայ կարեւոր հանգամանք մը, որ ոչ միայն ընդգծելի է, այլեւ օրինակելի: Ան կը վայելէ ԱՄԲՈՂՋ համայնքին զօրակցութիւնը, առանց որեւէ յարանուանական կամ գաղափարական խտրութեան: Ահաւասիկ այստեղ կը կայանայ էականը, ուրախալին, օրինակելին: Քաղաքական հասունութեան, ազգային գիտակցութեան ցուցանիշ մըն է այս կէտը, որուն համար շնորհաւորելի են համայնքի պատասխանատուները:

Մեր օրերուն, երբ հնգամեակէ մը ի վեր մեր ազգը ցաւօք կը պարզէ անմիաբան վիճակ՝ Հայրենիքէն մինչեւ Սփիւռք, սուրիահայ համայնքի միասնական այս կեցուածքը կրկնակի ողջունելի է ու մանաւանդ պէտք է դառնայ վարակիչ համազգային առումով: Անշուշտ այս բոլորին զուգահեռ կայ նաեւ թեկնածուին տուեալը:

Մարիա Գաբրիէլեանի կարողութիւնները ծանօթ են ամէնուն: Ան փայլուն փաստաբան է, նաեւ՝ սիրուած ուսուցիչ եւ լրագրող: Ինչ կը վերաբերի ազգային հաւաքական կեանքին, ան փոքր տարիքէն աճած է մեր ածուին մէջ, եղած է միշտ պատնէշի վրայ, յանձնառու եւ գործունեայ, հասնելով պատասխանատու տարբեր պաշտօններու, զորս վարած է յաջողութեամբ եւ ձեռներէցութեամբ:

Վստահ եմ, որ Մարիա Գաբրիէլեանը Սուրիոյ խորհրդարանին մէջ իր բեղուն գործունէութեամբ պատիւ պիտի բերէ սուրիական պետութեան եւ անոր բազմաչարչար, հայրենասէր ու մաքառող ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ անոր անբաժան ու հաւատարիմ մէկ միաւորին՝ հայ համայնքին:

Հրաչ Վարժապետեան