Ապօրինի կերպով Հալէպի արուարձաններ ներխուժած թրքական ուժեր կը շարունակեն իրենց դէմ Յուլիսին ընթացք առած ցոյցերու մասնակիցներուն կալանաւորման արշաւը։

Ցուցարարներ, Անգարայէն եկած զինեալներու մասնակցութեամբ, Յուլիսի սկիզբը սկսած էին յարձակիլ զինուորական այն ապօրինի կէտերուն, ինչպէս նաեւ սահմանային միջանցքներուն, վարչական գրասենեակներուն վրայ, որոնք թրքական զօրքին վերահսկողութեան տակ կը գտնուէին։ Այս յարձակումներուն հետեւանքով շուրջ տասնեակ մը թուրք զինուոր սպանուած, քսան ուրիշներ ալ վիրաւորուած էին։ Յարձակումը սկսած էր Կայսերի մէջ թուրքերու կողմէ սուրիացիներու կալուածներուն թիրախաւորման իբրեւ պատասխան, ինչպէս նաեւ վերջերս շրջանառուող Սուրիա-Թուրքիա յարաբերութիւններու մերձեցման լուրերուն իբրեւ արդիւնք։

Ազէզէն եւ Աֆրինէն բնակիչներ «Ուաթան»-ին յայտնեցին, որ թրքական ուժերը աւելի քան 25 ցուցարար ձերբակալած են, որոնցմէ մաս մը Թուրքիա, ուրիշներ անորոշ ուղղութիւններ փոխադրած են։ Աղբիւրին համաձայն, թրքական ներկայութեան դէմ ցոյցերը կը շարունակուին, որուն հետեւանքով ալ՝ թրքական բանակին կողմէ ցուցարարներու հետապնդումները։