Սուրիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու հայ ազգի միասնական թեկնածու Մարիա Գաբրիէլեան, ընկերակցութեամբ ընտրական կեդրոնական մարմնի անդամներուն, հանդիպում ունեցաւ Ազգային Մշակութային Միութեան ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպումին զրոյց ընթացաւ հաւաքական ու միասնական աշխատանքի կարեւորութեան եւ արդիւնաւէտութեան մասին:
Ազգային Մշակութային Միութեան ներկայացուցիչները իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին ազգի միասնական թեկնածուին եւ յաջողութեան բարեմաղթանքներ փոխանցեցին: