Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Արք. Աշքարեանի, նախագահութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, Շաբաթ, 25 Մայիս 2024-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ Ազգային Եփրատ վարժարանի ամավերջի հանդէսը, որուն ներկայ էին ազգային, միութենական եւ բարեսիրական մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ շրջանաւարտ աշակերտներու ծնողներ։

Հանդիսութիւնը բաց յայտարարուելէ ետք, ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յագեցին նահատակներուն յիշատակը, որմէ ետք հնչեց Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգները։

Հայերէն եւ արաբերէն բացման խօսքերով հանդէս եկաւ մանկապարտիզպանուհի Հուրի Փաշայեան-Սարգիսեան, որ բարի գալուստի եւ շնորհաւորական խօսք ուղղեց ներկաներուն, ապա անդրադարձաւ ազգային վարժարաններու առաքելութեան, որպէս ուսման եւ հայակերտումի դարբնոցներ: Ան դիտել տուաւ որ երեխային անհատականութեան կարևոր բաժինը կը կազմուի փոքր տարիքէն, ուստի մանկապարտէզի ուսուցչուհիները երեք տարիներու ընթացքին ճիգ չխնայեցին ազգային արժէքներու հանդէպ սէրն ու յարգանքը սերմանելու փոքրիկներու հոգիներուն մէջ։

Սարգիսեան նաեւ շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր անհատներուն եւ միութիւններուն, որոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս սատար հանդիսացան վարժարանի աշխատանքին եւ գործունէութիւններուն։

Աշակերտները յաջորդաբար բեմ բարձրացան ներկայացնելով արաբական եւ հայկական պարեր, խօսքեր եւ լոզունքներ, իսկ աշակերտական երգչախումբը ներկայացուց փունջ մը հայերէն եւ արաբերէն երգեր, խմբավարութեամբ Ալին Արոյեան֊ խաչոյի եւ երաժիշտ Քրիստ Միքայէլեանի։

Այնուհետեւ թատերական ներկայացումով աշակերտները տպաւորիչ եւ խօսուն պատկերներով արտայայտեցին իրենց սէրը հանդէպ Աստուծոյ եւ Հայրենիքին, բարձրացնելով «Հայ, Հայաստան, Հայրենիք ու Աստուած» գրութեամբ պաստարը ու լոզունքը դարձնելով 2023-2024-ի շրջանաւարտ հունձքի հանդէսին խորագիրը։

Հոգեշնորհ հայր սուրբը իր հայրական օրհնութիւնն ու խօսքը ուղղելով նախ փոքրիկները բարձրօրէն գնահատեց ներկայացումները, իրենց մաղթելով փայլուն ապագայ, յորդորելով միշտ ըլլալ հաւատարիմ պաշտպանը իրենց ազգին ու հայրենիքին։ Ապա գնահատեց հոգաբարձութեան անխոնջ աշխատանքը եւ յաջող գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ երախտիքի խօսք ուղղեց տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ ծնողներուն, որոնք գործակցաբար ուսումնական տարին իր յաջող լրումին հասցուցին։ Վերջապէս հայր սուրբը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած՝ փրկութիւն եւ արեւշատութիւն հայցելով Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն։

Բժշկհ. Մարի Մելքոն