Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Իրանի նախագահ Մասուտ Պեզիշքեանի հետ, որուն ընթացքին կողմերը խորհրդակցեցան զանազան ոլորտներու մէջ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու զարգացման շուրջ։
Նախագահ Ասատ շեշտեց, որ Սուրիա-Իրան յարաբերութիւնները փոխադարձ վստահութեան վրայ հիմնուած են, իսկ այս յարաբերութիւններուն կարեւորութիւնը կը հիմնուի լարուած այս տարածաշրջանին մէջ պատմութեան տարբեր փուլերուն ծաւալապաշտական նկրտումներ ունեցող ուժերուն դիմադրելու սկզբունքին վրայ։

Իր կարգին, Իրանի նախագահը վերահաստատեց Իրանի զօրակցութիւնը Սուրիոյ եւ անոր դիմադրութեան ու կարեւոր համարեց երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն զարգացումն ու ստորագրուած համաձայնագրերու գործնականացումը՝ ի նպաստ երկու երկիրներու ժողովուրդներուն։