Սուրիոյ  սահմանադրութեան համաձայն, իւրաքանչիւր սուրիացի քաղաքացի իրաւունք ունի ստանալու ուսում, որ պարտադիր է մինչեւ միջնակարգ եւ անվճար է Սուրիոյ պետական բոլոր վարժարաններուն եւ համալսարաններուն պարագային։
Պետական վարժարաններուն եւ համալսարաններուն կողքին,  մասնաւոր հատուածին եւս բաժին յատկացուած է ուսման ոլորտին մէջ։ Եթէ նախապէս մասնաւոր հատուածի յատուկ վարժարաններ կը գործէին, վերջին տասնամեակներուն թափ առին նաեւ  մասնաւոր հատուածին կողմէ բանեցուող բարձրագոյն ուսման հաստատութիւններ։
Այսօր Սուրիոյ տարբեր նահանգներուն մէջ պետական համալսարաններուն կողքին կը գործեն մասնաւոր հատուածի համալսարաններ, որոնք, սակայն պարտաւորութիւն ունին հետեւելու սուրիական պետական ուսումնակրթական ծրագրին։
Սուրիոյ պետական վարժարաններէ եւ համալսարաններէ ներս ուսումը անվճար է։  Ուսումը, բոլոր հանգրուաններուն ալ, կը կիրարկուի արաբերէն լեզուով, ինչ որ մեծ նպաստ կ’ունենայ Սուրիոյ մէջ մայրենի լեզուի պահպանման ու լեզուի հարստացման՝ գիտական եւ այլ ոլորտներու մէջ արաբերէն նոր եզրոյթներու օգտագործումով։ Արաբական երկիրներու մէջ այս մարտավարութիւնը յատուկ է միայն Սուրիոյ։
Սուրիացի ուսանողներու մեծամասնութիւնը կը յաճախէ պետական անվճար համալսարաններ, որոնց հնագոյնը Դամասկոսի պետական համալսարանն է, որ Միջին Արեւելքի հնագոյն համալսարանը կը համարուի։
Հայկական վարժարանները ազգային, յարանուանական եւ միութենական մասնաւոր հատուածին պատկանող վարժարաններ են։ Սուրիոյ մէջ ցարդ չենք յաջողած հիմնել հայկական համալսարան մը, որ իրականանալու պարագային մասնաւոր հատուածի համալսարաններուն մաս կազմելով կրնայ մեծ ներդրում ունենալ Սուրիոյ ուսումնակրթական կեանքին, յատկապէս նկատի ունենալով գիտական թէ գրական ոլորտներու սուրիահայ մասնագէտներու, Սուրիոյ մէջ ապրող թէ Սուրիայէն դուրս ապրող, նկատառելի թիւը։
Բնականաբար նման համալսարանի մը հիմնումը նիւթական եւ մարդուժի պատկառելի դրամագլուխի եւ
ծրագրաւորումի կը կարօտի, ինչ որ դիւրաւ կարելի չէ ապահովել երկրի ներկայ ծանր պայմաններուն մէջ, սակայն մօտիկ ապագային կարելի է նման դրական քայլի մը մասին պատկերացում կազմել, հաւանաբար օգտուելով նաեւ Հայաստանի ուսումնական բարձրագոյն հիմնարկներու հետ գործակցելու կարելիութենէն եւ հիմնելու համալսարան մը, ուր կարելիութիւն կ’ունենան ուսանելու ոչ միայն հայեր, այլ սուրիացիներ ընդհանրապէս։
Այս տարի Սուրիոյ պաքալորիայի պետական քննութիւններու առաջին փուլը  յանձնեցին  եւ յաջողեցան 121.761  երկրորդականի շրջանաւարտներ, որոնց մէջ նաեւ հայկական վարժարաններու  շրջանաւարտներ։
Օգոստոսին  փափաքողներուն առիթ պիտի տրուի նաեւ լրացուցիչ՝ երկրորդ փուլի, քննութեանց ներկայանալու։
Սուրիահայ շրջանաւարտներ իրենց միջինին համաձայն իրաւունք կ’ունենան ընտրելու բարձրագոյն ուսման ճիւղը, բարեբախտաբար մասնաւոր հատուածի համալսարաններ առիթ կու տան աւելի դիւրին պայմաններով ընդունուելու, հետեւաբար մեր շրջանաւարտները կարելիութիւն կ’ունենան իրենց նախասիրութեան հետեւելու, եթէ կարողութիւն ունենան մասնաւոր հատուածի համալսարանի նիւթական պարտաւորութիւնը հոգալու։
Մեր աշակերտներէն շատեր, սակայն, երբեմն մասնագիտական ճիւղի ընտրութիւնը կատարած պահուն լրջօրէն չեն մտածեր իրենց նախասիրութիւններուն կամ ճիւղի ընձեռած աշխատանքի կարելիութիւններուն մասին, այլ կ’ընտրեն իրենց միջինին արտօնած բարձրագոյն սահմանին գտնուող մասնագիտութիւնը, երբեմն ալ՝ պարզապէս ընկերութեան մէջ որպէս երկրաչափ կամ փաստաբան ճանչցուած ըլլալու, եւ ոչ թէ լրջօրէն տուեալ ասպարէզին մէջ գործելու։ Այս իսկ պատճառով ուսանողներու նկատառելի տոկոս մը ուսման արդիւնքին մասին չի մտածեր մասնագիտական ճիւղի ընտրութեան պահուն։ Այս երեւոյթը բացասական ազդեցութիւն կ’ունենայ երկրէն թէ համայնքէն ներս ապագայ մարդուժի աշխատանքի որակին, ինչպէս նաեւ ուսանողներու զարգացման մակարդակին վրայ։
Նախընտրելի պիտի ըլլար, որ մեր շրջանաւարտները, մէկդի դրած ընկերութեան մէջ այսինչ կամ այնինչ տիտղոսով ճանչցուելու բարդոյթը, ընտրէին իրենց միջինին համապատասխանող այնպիսի նիւթեր, որոնք իրենց հետաքրքրութիւններուն եւս յարիր են եւ կը նպաստեն իրենց զարգացման ու աշխատանքի ասպարէզին մէջ յաջողութեան։ Այսպիսով բարձրագոյն ուսումը համեմատաբար աւելի արդիւնաւէտ կը դառնայ եւ շրջանաւարտները դիւրաւ իրենք զիրենք արժեւորուած կը տեսնեն մասնագիտացման եւ գործի ասպարէզներուն մէջ, ուսումը կը դարձնեն ոչ թէ պարզապէս վկայականի տիրանալու եւ որեւէ աշխատանք տանելու միջոց, այլ՝ ինքնազարգացման, մասնագիտական նոր մակարդակներու նուաճման ու աշխատանքի մէջ ստեղծագործ եւ յաջողակ դառնալու միջոց։