«Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցի ընթացքին այս մանրամասնութիւնը յայտնած է Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Անի Պատալեան։
«Միրզոյեան-Պայրամով պաշտօնական հանդիպման, բանակցութիւններու համաձայնութիւն չկայ», ըսաւ Պատալեան:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով հրաւիրուած են Ուաշինկթըն՝ մասնակցելու ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովին։