Իսթանպուլէն հեռարձակուող «Acik Radyo»-ի գործունէութեան կասեցման մասին գոյացած պետական որոշումին դէմ Թուրքիոյ մէջ ստորագրահաւաք սկսած է:
Կայանը կասեցուած էր «Թուրքիոյ ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի բարձրագոյն խորհուրդ»-ին (RTUK) կողմէ «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրոյթի օգտագործման պատճառաբանութեամբ:
RTUK-ի որոշման դէմ բողոքարկած են շարք մը սիւնակագիրներ, լրագրողներ եւ քաղաքական գործիչներ:
Բողոք արտայայտող ստորագրահաւաքի յայտարարութեան մէջ ըսուած է. «Acik Radyo-ն ռատիոալիք է, որ յայտնած է իւրաքանչիւր կարծիքի արտայայտման համար իր բաց ըլլալը: RTUK-ի կողմէ այդ ռատիոյի հեռարձակումը դադրեցնելու մասին գոյացած որոշումը ընդունելի տարբերակ չէ եւ բացայայտօրէն կը հակասէ սահմանադրութեամբ երաշխաւորուած խօսքի ազատութեան:
Մենք կը պահանջենք, որ այս որոշումը իսկոյն չեղեալ համարուի եւ ալ աւելի շատ վնաս չհասցուի խօսքի ազատութեան»:
Ընդգծուած է նաեւ, որ հեռարձակումէն զրկուած ռատիոն տարիներէ ի վեր բարձրորակ հեռարձակում ապահոված է:
Յիշեցնենք, որ RTUK-ը կասեցուցած էր Իսթանպուլէն հեռարձակուող «Acik Radyo»-ի հեռարձակման վաւերականութիւնը: