Պէյրութի Հայկազեան համալսարանը 2023-ի վերջերուն լոյս ընծայեց երաժիշտ-երաժշտագէտ Ռուպինա Ալահայտոյեան-Արթինեանի ստուար հատորը՝ «Լիբանանահայ երգչախմբային արուեստը. 1920-2020» խորագիրով: Եթէ փորձենք զայն անմիջականօրէն բնութագրել մէկ-երկու բառով, ամենայն ինքնավստահութեամբ զայն պիտի որակենք սփիւռքցի մտաւորականի մը կոթողական, բանասիրական գործը, որ իրաւունք ունի կոչուելու մանր հանրագիտարան:
ԸՍՏ ՁԵՒԻ
Հատորը կը բաղկանայ 576 էջէ, պատկերազարդ է, կան պատմական լուսանկարներ՝ խմբավարներու, մեներգողներու, խումբերու եւ արուեստագէտներու: Կողքը կը զարդարէ հռչակաւոր «Գուսան»-ի մէկ խմբանկարը, ետեւի կողքին կայ երկու գրութիւն. վերը՝ այս հատորին արարման, աշխատանքին մղում տուող գործօններուն մասին ներքին բացատրականէն հատուած մը, վարը՝ նմանապէս հատուած մը՝ հեղինակին կենսագրական գիծերէն, դիմանկարի մը ընկերակցութեամբ: Գեղատիպ եւ խնամուած գործ է, լուսանկարներուն որակը ուղղակի յարաբերական է մամուլէն վերցուած կամ անձնական արխիւներէ վերցուած լուսանկարներու որակին: Օգտագործուած են արուեստագէտ լուսանկարիչներու արխիւները: Հատորը ունի խմբագիր՝ Նորա Բարսեղեան, իսկ գեղարուեստական ձեւաւորումը կատարած է Գօգօ Հաւանճեան: Բոլորն ալ կատարած են գնահատելի աշխատանք:
Վերջին էջերուն, կայ անուններու ցանկ՝ աւելի քան 20 էջ (549-570): Սա առանձինն նշանակալի արժէք է, որովհետեւ հոն մէկտեղուած են էջերուն տեղ գտած բոլոր անձերը՝ մտաւորական, արուեստագէտ, խմբավար թէ մամուլի աշխատակից-թղթակից (այս մասին նաեւ աւելի ուշ):
Հարուստ է էջատակի բացատրականներով(Foot note), թիւով 378 (այս մասին եւս աւելի ուշ):
ՀԵՂԻՆԱԿՆ ՈՒ ՀԱՏՈՐԻՆ ԾՆՆԴՈՑԸ
Ռուպինա Ալահայտոյեան-Արթինեան ունի ինքնավկայութիւն մը՝ աչքերը բացած է երաժշտասէր ընտանիքի մէջ, հասակ առած՝ երաժիշտներու եւ երաժշտագէտներու շունչով (քոյրն է ծանօթ բանասէր՝ հանգուցեալ Պետրոս Ալահայտոյեանի, իսկ ամուսինը անուանի բժիշկ-փրոֆէսէօր Պօղոս Արթինեանն է, նմանապէս երաժշտութեան մօտիկ մարդ): Ուսումնառութեան իր դարակին մէջ լայն տեղ ունի երաժշտութիւնն ու նուագարանը, եղած է մանկավարժ-դասախօս:
Ներածական իր խօսքին մէջ, կը պատմէ, թէ ինչպէ՞ս ծնած է այս հատորը պատրաստելու գաղափարը եւ քանի՜-քանի փուլ կտրած է: (Արդէն անցանք բովանդակութեան, բայց այս բաժինը կ’արձանագրենք հոս): 1981-82 տարեշրջանին, երբ Հայկազեանի մէջ ուսանող էր ու աւարտաճառի նիւթ կը փնտռէր, իր դասախօսը՝ ծանօթ մտաւորական եւ պատմագէտ Երուանդ Քասունի, նկատի ունենալով իր երաժշտական հետաքրքրութիւնները, յանձնարարած է ուսումնասիրել Լիբանանի մէջ հայկական երգչախումբերու պատմութիւնը (եւ լա՛ւ ըրած է այդ ցուցմունքը տալով): Սա եղած է միայն մեկնակէտը պրպտումներու եւ ուսումնասիրութիւններու երկարաշունչ արշաւի մը: Սկզբնական աշխատանքը յաջորդ տարիներուն, հանգրուան առ հանգրուան (խորհրդաժողովներու մասնակցութիւն, հարցազրոյցներ, հարցախոյզեր եւ այլ) աճ ու տարածք շահած է եւ հասած՝ հանրագիտարանի արժէքով այս հատորին:
Հեղինակը բառացիօրէն չէ արձանագրած, սակայն ընթերցողը անոր տողերուն մէջէն կ’անդրադառնայ, որ սա անվերջանալի աշխատանք է, որովհետեւ Լիբանանի մէջ դար մը առաջ ճամբայ ելած՝ երգչախումբերու դրօշարշաւը վերջ չէ գտած, վստահաբար պիտի շարունակուի, այնքան ատեն, որ վառ է Լիբանանի հայկական մեր օճախը: Ինչպէս կը վկայէ խորագիրը՝ բովանդակութիւնը կը տարածուի մօտաւորապէս 1920-էն 2020:
Նախաբան-բացատրականին մէջ, հեղինակը շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան խօսք ունի բոլոր այն արուեստագէտներուն, մամուլի ու գրադարանի աշխատակիցներուն, մասնաւորաբար Հայկազեանի նախագահ Տոքթ.
Փօլ Հայտոսթեանի, որոնք մասնակցութիւն բերած են ու նպաստած՝ հատորին իրականացման:
Հատորը ձօնուած է հեղինակին քրոջ դստեր՝ Դոկտ. Ծովիկ Մկրեան-Մարգարեանի, երաժիշտ ու բանասէր, որ դժբախտաբար կանխահասօրէն կեանքէն հեռացաւ հատորին պատրաստութեան վերջին շրջանին, կարեւոր ներդրում ունենալէ ետք աշխատանքին:
ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ
Հատորը կը բացուի Հայկազեան համալսարանին կողմէ բովանդակութիւնը ներկայացնող խօսքով մը, ուր կը նշուի, թէ սա մատենաշարին 51-րդ թիւն է. այլապէս պատկառելի վաստակ:
Սրտի ու արժեւորման խօսք մը ունի ծանօթ խմբավար-երաժիշտ Զաքար Քէշիշեան:
Հեղինակը, ինչպէս նշեցինք, բացատրական մը ունի ընտրած նիւթին՝ Լիբանանի մէջ երգչախումբերու ծննդոցին, մօտաւորապէս դար մը առաջ վառած ջահը սերունդէ սերունդ փոխանցող խմբավարներուն եւ երգչախումբերուն մասին. լուսարձակի տակ կը բերէ ԵՐԳին տեղն ու դերը՝ Ցեղասպանութենէն փրկուած սերունդին կեանքին մէջ, ապա հակիրճ կերպով կը պատմէ, թէ ինչպիսի՛ խորքով պեղած է մամուլ ու հատորներ, ձեռնարկներու բացատրագրքոյկներ (պռոշիւռ եւ այլ): Այս հակիրճ բացատրականը արդէն կը վկայէ, թէ պեղումները ինչո՛ւ երկարած են աւելի քան չորս տասնամեակի վրայ (թէեւ կը խոստովանի, թէ կեանքի հարկադրանքներ, նաեւ Լիբանանի պատերազմական վիճակի փուլերը դանդաղեցնող ազդակներ եղած են): Բացատրական այս էջերուն, կը յիշատակէ հոյլը նշանաւոր խմբավարներու, որոնք քիչ ետք պիտի առաջնորդեն արուեստագէտներու տողանցքը՝ հատորի երկայնքին:
Կարդալով հատորը, ընթերցողը կը զգայ, թէ ինչպիսի՜ ԱՆ-ԽՆԱՅ ԱՇԽԱՏԱՆՔ տարած է հեղինակը (անխնայ բառը՝ իր ամէնէն դրական եւ տարողունակ իմաստով): Իսկ անոր մասին այս սիւնակը արձանագրողս որոշ անճրկումի կը մատնուի, որովհետեւ այնքա՜ն բան կարելի է գրել հատորին մասին եւ… չսպառել:
Արդարե՛ւ, ինչպէ՞ս կարելի է մինչեւ իսկ հպանցիկ ակնարկներով խօսիլ հատորի մը մանրամասնութիւններուն մասին,
որ, ինչպէս նշեցինք, կը բովանդակէ դարու մը պատմութիւն: Հետեւաբար, հարկադրուած ենք կանգ առնելու քանի մը արժանիքի վրայ, իբրեւ վկայութիւն՝ աշխատանքին տարողութեան ու արժէքին մասին:
Ա. ՎԱՒԵՐԱԳՐՈՒՄ. Ամէն բանէ առաջ, հատորը վաւերագրական արժէք ունի եւ պատմական գործ է: Հեղինակին պրպտումները զինք տարած են մօտաւորապէս դար մը առաջ, երբ Ցեղասպանութենէն փրկուած ընտանիքներ, Լիբանանի մեր հայկական օճախը կազմաւորելու տարիներուն, եկեղեցի-դպրոց-ակումբ կառուցելու առընթեր, աչքաթող չեն ըրած ԵՐԳԱՐՈՒԵՍՏԸ: Երգը՝ ամէն մարդ կ’երգէ, իսկ երգարուեստը բեմ կը հանուի նա՛եւ երգչախումբերով, դուրս կու գայ դպրոցական եւ եկեղեցական այլապէս սեղմ միջավայրէն (հոս արհամարհական արտայայտութիւն մի՛ տեսնէք դպրաց դասերուն կամ աշակերտական երգչախումբերուն եւ նման՝ «առտնին» երգչախումբերու հասցէին): Եւ ահա, մեր ժողովուրդին նման՝ Ցեղասպանութենէ փրկուած արուեստագէտներ, ուսեալ կամ ինքնուս խմբավարներ, երաժիշտներ եւ երգասէրներ աներեւոյթ մագնիսով մը ի մի կու գան (մագնիսը բոլորովին աներեւոյթ չէ, այլ կը մարմնաւորուի խմբավարներով), սկիզբ կ’առնէ տողանցք մը, որ դրօշարշաւի մը պէս կը շարունակուի ու կը հասնի մեր օրերը:
Յաջորդ արժանիքներուն մասին խօսելէ առաջ, այստեղ կ’ուզենք պահ մը կանգ առնել վերը մեր գործածած՝ ՎԱՒԵՐԱԳՐԱԿԱՆ եզրին վրայ: Ընթերցողը մտահան պէտք չէ ընէ այս արժանիքը, որովհետեւ այլապէս, ան որոշ տեղ կրնայ ունենալ սխալ տպաւորութիւն մը, երբ հատորի էջերուն, լայն մէջբերումներ պիտի գտնէ ձեռնարկներու մասին մամուլէն կամ այլ աղբիւրներէ քաղուած ընդարձակ վերարտադրութիւններու, մէջբերումներու, տուեալ ձեռնարկի մը մասին մէկէ աւելի արձագանգներու: Կարելի է տարուիլ այն մտածումով, թէ ի՞նչ պէտք կար ա՛յսքան լայն եւ երբեմն ալ զիրար կրկնող մէջբերումներու: Սա վաւերագրումին մէկ անբաժան տարրն է եւ ցոյց կու տայ, թէ երգչախումբերն ու անոնց երգահանդէսները ինչպիսի՜ ընկալում ունեցած են օրին, ընթերցողը հաղորդ կը դառնայ գնահատականներու, քննադատութիւններու եւ քննարկումներու, մէկ խօսքով՝ այլապէս մոռացութեան ծոցը գացած անցեալին, որ ապրող էր ու կենսունակ՝ այդ օրերուն: Ափսո՜ս, որ այդ օրերուն արհեստագիտութիւնը չէր ընծայեր այսօրուան հնարաւորութիւնները, երբ կարելի էր անմահացնել երգարուեստի գոհարներ (փոքրաթիւ արձանագրութիւններ բաւարար չեն տարողունակ վկայութիւն ըլլալու):
Վաւերագումը ունի նաեւ «թաքուն» երես մը (ո՛չ բոլորովին թաքուն): Հատորի հասակն ի վեր կ’երեւին խումբերու եւ խմբավարներու այն դժուարութիւնները, որոնք յաղթահարուած են մերթ՝ նիւթական, աշխատանքի վայրի սղութեան եւ այլ պատճառներով, իսկ աւելի մօտիկ անցեալին՝ Լիբանանի պատերազմին ստեղծած «անցարգելներուն» հետեւանքով: Կարգ մը երգչախումբեր, որոշ ժամանակ գործելէ ետք, ստիպողաբար դադրած են, յետոյ, վերականգնած են, ուրիշներ անուանափոխութիւն կրած, բայց երթը շարունակուած է՝ յաղթահարելով բազում մարտահրաւէրներ:
Ս. Մահսերէճեան
(Շարունակելի)