ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ

2 – 1 ԱՐԴԻՒՆՔՈՎ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԶԻՋԵՑԱՆ ՀՈԼԱՆՏԱՅԻՆ
Եւրոպայի ֆութպոլի 2024 թուականի առաջնութեան կիսաեզրափակիչի վերջին տեղը եղաւ Հոլանտային, որ կրցաւ 2 – 1 արդիւնքով պարտութեան մատնել Թուրքիոյ կազմը: Պերլինի Օլիմփիա մարզադաշտին վրայ հոլանտացիները յաջողեցան 1 – 0 արդիւնքով պարտութիւնը 2 – 1 յաղթանակի վերածել: Հանդիպումի 35-րդ վայրկեանին, խաղի հաշիւը բացաւ թուրք պաշտպան Սամեդ Աքայտընը, որ Արտա Կիւլերի փոխանցումէն օգտուելով գնդակը ուղղեց հոլանտացիներու դարպասը: 70-րդ վայրկեանին Հոլանտայի հաւաքականէն Սթեֆան Տէ Վրէյը խփեց պատասխան գնդակը, իսկ 6 վայրկեան անց Քոտի Կաքպոն յառաջ մղեց իր կազմը:
ԱՆԳԼԻԱՆ 11 ՄԵԹՐԻ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐՈՎ ՅԱՂԹԵՑ ԶՈՒԻՑԵՐԻԱՅԻՆ 

Եւրօ 2024 -ի առաջնութեան քառորդ եզրափակիչին Անգլիոյ հաւաքականը Զուիցերիոյ կազմը մրցակից ունեցաւ: Հանդիպումի հիմնական եւ յաւելեալ ժամանակաշրջանը 1 – 1 հաւասար աւարտելէ ետք, զոյգ կազմերը դիմեցին 11 մեթրի հարուածներու: 75-րդ վայրկեանին, զուիցերիացի յարձակող Պրիլ Էմպոլոն յառաջ մղեց իր կազմը, որմէ հինգ վայրկեան ետք, Անգլիոյ հաւաքականի կիսապաշտպան Պուքայո Սաքա նշանակեց հաւասարութեան կոլը։ Լրացուցիչ ժամանակին խումբերը նոյնպէս չկրցան վճռել արդիւնքը։ Յետխաղեայ 11 մեթրի հարուածներուն անգլիացիները աւելի դիպուկ էին: Աւելցնենք, որ յաջորդ փուլին Անգլիոյ մրցակիցը պիտի դառնայ Հոլանտան:
ՖՐԱՆՍԱՆ ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՏՆԵԼՈՎ ՓՈՐԹՈՒԿԱԼԸ ՀԱՍԱՒ ԿԻՍԱՒԱՐՏԱԿԱՆԻՆ

Եւրօ-2024-ի քառորդ եզրափակիչի խաղերուն, Ֆրանսան պարտութեան մատնելով Փորթուկալը հասաւ կիսաւարտականին: Հանդիպումի հիմնական եւ յաւելեալ ժամանակաշրջանները հաւասար աւարտելէ ետք, խումբերը դիմեցին 11 մեթրի հարուածներու: Թէեւ մեծամասնութիւնը վստահ էր Փորթուկալի յաղթանակէն, նկատի ունենալով անոր դարպասապահի մակարդակը, սակայն ֆրանսացիները աւելի բծախնդիր էին հարուածներ հասցնելու մէջ, փաստօրէն նշանակեցին հինգ հարուած, իսկ Փորթուկալ բաւարարուեցաւ միայն երեք հարուածով:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան