14 Յունիս 2024-ին, Քուէյթի Ազգ. վարժարանը հրաժեշտ տուաւ շրջանաւարտներու նոր հունձքի մը, զոր մկրտեց «Շառլ Ազնաւուր» սերունդ անունով։
Հանդէսը կը հովանաւորէր Թեմիս Կաթողիկոսական փոխանորդ Գերպ. Տ. Պետրոս Ծ. Վրդ. Մանուէլեան։
Հանդիսութիւնը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին՝ Քուէյթի մօտ ՀՀ Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան Տիար Սարմէն Պաղտասարեանը, Քուէյթահայ Ազգ. մարմիններու, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, Ազգ. բարերարներ, ծնողներ ու հիւրեր։
Քուէյթի եւ Հայաստանի Հանրապետութեանց քայլերգներով, օրուան հանդիսավար` Մարիա Սարգիսեան երեկոն բաց յայտարարեց։
Հայրենասիրական երգերու գեղեցիկ փունջով մը ելոյթ ունեցաւ աշակերտական երգչախումբը, խմբավարութեամբ Ժաննա Սերոբեանի։
Ապա 9-րդ կարգի աշակերտները ներկայացուցին հայկական պար մը՝ Մարիէլա Թեմամեանի ղեկավարութեամբ։
Վարժարանի տնօրէն տոքթ. Ներսէս Սարգիսեան իր զեկոյցին մէջ հակիրճ կերպով ներկայացուց վարժարանի միամեայ գործունէութիւնը, ապագայ հեռանկարները, վարժարանին դիմագրաւած դժուարութիւններն ու առկայ բազմազան մարտահրաւէրները։
Տնօրէնը ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց, վարժարանին հրաժեշտ տուող, վաստակաշատ հայերէնաւանդ ուսուցիչ Ճորճ Արապաթլեանի անցած ուղին։ Ապա հայր սուրբին եւ հոգաբարձութեան ատենապետ Ներսէս Գույուճեանի ձեռամբ Արապաթլեան պարգեւատրուեցաւ յուշանուէրով մը։
Քուէյթի մնշակոյթ երկայացնող խանդավառ պարով մը կրկին ելոյթ ունեցան 9-րդ կարգի աշակերտները Մարիէլա Թեմամեանի բեմականացումով։
Իսկոյն տեղի ունեցաւ վարժարանի միջնակարգի եւ երկրորդականի գերազանց աշակերտներու պարգեւատրումը՝ մետալներով։
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ 9-րդ կարգի աշակերտութեան վկայականաց բաշխումն ու գերազանցներու պարգեւատրումը։
Նկատի առած, որ 2024-ին կը լրանայ աշխարհահռչակ արուեստագէտ Շառլ Ազնաւուրի ծննդեան 100-ամեակը, վարժարանէն 4 աշակերտներ ներկայացուցին մեծ հայուն գրիչին պատկանող «Քեզ համար, Հայաստա՛ն» երգը։
Երկրորդ արարով, ներկայացուեցաւ տեսերիզ մը, նուիրուած արուեստագէտ Շառլ Ազնաւուրի կեանքին եւ գործունէութեան, որուն պատրաստութեան մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերած էին վարժարանի հայերէնաւանդ ուսուցիչ Ճորճ Արապաթլեանն ու Մարիա Սարգիսեանը։
«Սարդարապատ» երգի ոգեւորիչ հնչեղութեամբ, «Շառլ Ազնաւուր» սերունդի տղաքն ու աղջիկները բեմ բարձրացան։
Արաբերէն եւ հայերէն ուղերձներ արտասանեցին՝ 12-րդ կարգի աշակերտներ՝ Մարտիրոս Այանեան եւ Լալա Խաչատուրեան։
Իսկոյն, Գերպ․ Հայր Սուրբին գլխաւորութեամբ, տեղի ունեցաւ աւարտական կարգի վկայականաց բաշխումը, գերազանցներու պարգեւատրումն ու հայագիտական առարկաներու վարժարանիս խրախուսական նուէրներու տուչութիւնը։
Ապա տեղի ունեցաւ, Հայագիտական առարկաներու նկատմամբ առաւել պատասխանատուութիւն ու յանձնառութիւն ցուցաբերելու նախանձախնդրութեամբ 2023-ին կեանքի կոչուած՝ «Հռիփսիմէ Պէրպէրեան» հայագիտական մրցանակի բաշխումը, ձեռամբ՝ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ասպետ» շքանշանակիր Ալեքսան Պէպէրեանի։ Նիւթական պարգեւն էր՝ 1000 Ք․Տ․, որ տրամադրուեցաւ երկրորդականի 8 աշակերտներու։
Հուսկ, տեղի ունեցաւ «Ս․ Ներսէս Շնորհալի» ամէնամեայ մրցանակի տուչութիւնը՝ 1000 Ք․Տ․, ձեռամբ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ասպետ» շքանշանակիր Կիրակոս Գույումճեանի։ Մրցանակին արժանացաւ առաջնակարգ շրջանաւարտ Մարտիրոս Այանեան 99.51 % գնահատականով։
Յիշենք, որ «Ս. Ներսէս Շնորհալի» մրցանակը կը յատկացուի նաեւ Հալէպի երկրորդական հայկական վարժարաններու առաջին երեք գերազանց աշակերտներուն։
Քուէյթի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերպ․ Տ․ Պետրոս Ծ․ Վրդ․ Մանուէլեանի սրտի խօսքով ու հայրական օրհնութեամբ Հանդիսութիւնը հասաւ իր աւարտին։